Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանի Սկզբունքն Է Պաշտպանել Տարածաշրջանի Աշխարհաքաղաքականութիւնը, Այդ Շարքին` Միջազգային Սահմանները. Ռայիսին` Փաշինեանին

Իրանի Սկզբունքն Է Պաշտպանել Տարածաշրջանի Աշխարհաքաղաքականութիւնը, Այդ Շարքին` Միջազգային Սահմանները. Ռայիսին` Փաշինեանին

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին հեռախօսազրոյց ունեցած են:

Մասնաւորապէս, Ռայիսին հայ-իրանեան շարունակական խորհրդակցութիւնները համարած է երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու կարեւորութեան ու խորութեան նշան:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սկզբունքն է պաշտպանել տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութիւնը, այդ շարքին` միջազգային սահմանները, յարգել երկիրներու ազգային ինքնիշխանութիւնը, ամրապնդել տարածաշրջաններու միջեւ հաղորդակցման ենթակառուցուածքները», ըսած է Իրանի նախագահը:

Ան ուժանիւթի ու փոխադրութեան ոլորտին մէջ հայ-իրանեան երկկողմ ու բազմակողմ համագործակցութիւնը ընդլայնելու կոչ ըրած է` ընդգծելով, որ այդ կապերը կ’ամրապնդեն տարածաշրջանի խաղաղութիւնը, կայունութիւնը, տնտեսութիւնն ու առեւտուրը:

«Իրանը կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու յառաջընթացին», ընդգծած է Ռայիսին` յոյս յայտնելով, որ առկայ խնդիրները կը կարգաւորուին խաղաղ կերպով` համաձայն միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, յարգելով երկու երկիրներու ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:

Հայաստանի վարչապետը բարձր գնահատած է Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումը տարածաշրջանային զարգացումներու հարցով` տարածաշրջանին մէջ Իրանի դերակատարումը կարեւոր ու արդիւնաւէտ որակելով: Փաշինեան յայտնած է, որ Հայաստանը շահագրգիռ է ընդլայնելու տնտեսական, առեւտրային, քաղաքական ու մշակութային համագործակցութիւնը Իրանի հետ: Ան նաեւ ողջունած է Թեհրանի մէջ հնարաւորինս շուտ «3+3» ձեւաչափով գագաթաժողովի կայացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment