Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին Լուծումը Խաղաղութիւնն Է, Ոչ Թէ Պատերազմը․ Միրզոյեան

Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին Լուծումը Խաղաղութիւնն Է, Ոչ Թէ Պատերազմը․ Միրզոյեան

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին լուծումը խաղաղութիւնն է, ոչ թէ պատերազմը, եւ Հայաստանը կը շարունակէ իր ջանքերը` ուղղուած տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, հնդկական «Վիոն» լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը:

Ընդգծելով, որ 2020-ի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն յետոյ ալ շատ հարցեր կը մնան չլուծուած, Արարատ Միրզոյեանը մասնաւորապէս նշած է, որ Ատրպէյճանը կը հրաժարի ազատ արձակելէ գերիները, պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը ոչնչացման, պղծման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման իրական վտանգի տակ է, Պաքուէն կը շարունակուի այլատեաց հռետորաբանութիւնը հայերու նկատմամբ, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տակաւին զինադադարի խախտումներ տեղի կ’ունենան:

«Մենք բազմիցս յայտարարել ենք, որ պատրաստ ենք բանակցութիւններ սկսել Ատրպէյճանի հետ համապարփակ խաղաղութեան շուրջ, որը կը ներառի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական կարգաւորում, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի բոլոր իրաւունքների պաշտպանութիւնը եւ նրա վերջնական կարգավիճակը», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը:

Շեշտելով, որ Մայիս 22-ին պրիւքսէլեան հանդիպման ժամանակ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է սկսիլ աշխատանքները հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ անվտանգութեան ապահովման, աւարտել բանակցութիւնները տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային ենթակառուցուածքներու բացման ուղղութեամբ եւ աշխատանքներ տանիլ համապարփակ խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման շուրջ` Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը շեշտած է, որ եթէ Ատրպէյճանը դրսեւորէ կառուցողական մօտեցում եւ զերծ մնայ գործընթացի ընթացքին խոչընդոտներ ստեղծելէ, ինչպէս նախապէս շատ անգամներ ըրած է, «կարող ենք առաջ շարժուել»:

Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումէն, Միրզոյեան ըսած է, որ կարգաւորման հասնելու համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք եւ յստակ քայլեր ձեռնարկելու պատրաստակամութիւն:

Հայկական կողմը բազմիցս երկուքն ալ ցուցաբերած է, եւ նոյնը կ’ակնկալէ թրքական կողմէն, ըսած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը:

«Չնայած բոլոր վտանգներին եւ փխրունութեանը, մեր տարածաշրջանում խաղաղ զարգացման դարաշրջան բացելու հնարաւորութիւն կայ, եւ Հայաստանը շարունակելու է իր ջանքերը` նպաստելու այդ հնարաւորութեան իրականացմանը», եզրափակած է Միրզոյեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment