Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» Խմբակցութիւնը Չի Մասնակցիր Ազգային Ժողովի Արտահերթ Նիստին

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» Խմբակցութիւնը Չի Մասնակցիր Ազգային Ժողովի Արտահերթ Նիստին

by MassisPost

Խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը  պիտի չմասնակցի Արցախի հարցը ներքաղաքական նպատակներով օգտագործելուն նպատակաուղղուած` ԱԺ արտահերթ նիստին:  Այս մասին յայտարարեց Խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը:

«Օժտուած լինելով ժողովրդի ամուր մանդատով, շարունակելու ենք պաշտպանել Արցախի եւ Արցախահայութեան իրաւունքներն ու շահերը բոլոր հնարաւոր հարթակներում եւ ջանքեր գործադրել Խաղաղութեան օրակարգը առաջ մղելու համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները հանդէս եկած էին ԱԺ արտահերթ նիստ հրաւիրելու նախաձեռնութեամբ` հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու օրակարգով:

«Աւելի քան մէկ ամիս` խորհրդարանական ընդդիմութիւնը դուրս է եկել փողոցային պայքարի Արցախի փրկութեան հռչակագրային կարգախօսներով` մինչ այս պահը չառաջարկելով Արցախի հարցի լուծման որեւէ տրամաբանական ճանապարհ: Երբեմնի իշխանութիւն հանդիսացող խորհրդարանական ուժերը նաեւ պատշաճ բացատրութիւններ չեն տուել իշխանութեան եղած տարիներին ԼՂ հարցի բանակցային գործընթացը որպէս իշխանութեան երկարաձգման միջոց օգտագործելու, Արցախի շահերը դաւաճանելու, հարցը փակուղի մտցնելու իրենց ապացուցուած գործելակերպի վերաբերեալ», – ըսուած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան յայտարարութեան մէջ` շարունակելով. – «Այժմ, առաւել քան ակնյայտ է, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կրկին փորձ է կատարում Արցախի հարցն օգտագործել բացառապէս ներքաղաքական նպատակներով: Այդ նպատակին է միտուած ԱԺ արտահերթ նիստ հրաւիրելու նախաձեռնութիւնը: Չունենալով ժողովրդի աջակցութիւնը, հրապարակում չունենալով լսարան` խորհրդարանական ընդդիմութիւնը փորձում է Ազգային ժողովի ամբիոնը օգտագործել որպէս քաղաքը կաթուածահար անելու լծակ»:

«Հայաստանում ժողովրդի իշխանութիւնը անսասան է, ժողովրդավարութիւնը` անշրջելի: Կեցցէ’ հայկական ժողովրդավարութիւնը», – կը յայտարարէ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment