Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Սասնայ Ծռերու» 7 Անդամներ Տեղափոխուած Են Կալանավայր

«Սասնայ Ծռերու» 7 Անդամներ Տեղափոխուած Են Կալանավայր

by MassisPost

2016 թուականին Ոստիկանութեան Պարեկապահակէտային Ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ Ծռեր» խումբի 7 անդամներ Մայիս 28-ի առաւօտեան բերման ենթարկուելով տեղափոխուած են կալանավայր:

Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդը (ԲԴԽ) կը տեղեկացնէ, որ երկու օր առաջ ուժի մէջ  մտած նախորդ տարուայ Փետրուարին դատարանի կայացուցած վճիռը, որով խումբի անդամները դատապարտուած էին  6-8 տարուայ ազատազրկման: Ըստ յայտարարութեան` այս հիմքով է որ, դատապարտեալները տեղափոխման քրէակատարողական հիմնարկներ` պատժի չկրած մասերը կրելու նպատակով:

Կալանավայր  տարուած են Պաւել Մանուկեանը, Վարուժան Աւետիսեանը, Գագիկ Եղիազարեանը, Արեգ Կիւրեղեանը, Մխիթար Աւետիսեանը, Սեդրակ Նազարեանն ու Էդուարդ Գրիգորեանը:

Խումբի անդամներու մեծ մասը 2018 թուականի յեղափոխութենէն յետոյ կալանքէն ազատ արձակուած էին, սակայն կը շարունակէին մնալ  որպէս մեղադրեալներ: Ոստիկանական գունդի տարածքի գրաւման ժամանակ սպաննուած երեք ոստիկաններէն երկուքի` Արթուր Վանոյեանի եւ Եուրի Տեփանոսեանի սպանութեան համար մեղադրուող Սմբատ Բարսեղեանը եւ  ոստիկան Գագիկ Մկրտչեանի սպանութեան համար մեղադրուող Արմէն Բիլեանը դատապարտուած են 25 տարուայ ազատազրկման:

«Սասնայ Ծռեր» զինուած խումբը 2016-ին գրաւած էր Երեւանի պարեկապահակետային ծառայութեան գունդի տարածքն ու շուրջ երկու շաբաթ փակ պահած զայն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment