ՀՀ Զինուած Ուժերը «Բաղրամեան» զօրավարժարանին մէջ «Սմերչ» համազարկային կրակի համակարգերու եւ 120մմ 2ս12 «Կապուտան» ականանետերու ներգրաւմամբ վարժանքներ կատարած են:
Գնդապետ Ռուբէն Գասպարեանը նշեց, որ վարժանքներուն հիմնական նպատակն է ստուգել հրետանային ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստուածութեան մակարդակը, բարձրացնել մարտունակութիւնը, բարոյամարտական յատկանիշները, ամրապնդել ֆիզիքական դիմացկունութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձրացնել հրամանատարներու կողմէ ստորաբաժանումներու կառավարման հմտութիւնները, կատարելագործել ստորաբաժանումներու գործողութիւններու ներդաշնակումը:
«Ըստ վարժանքի սենարի` ներգրաւուած ստորաբաժանումները խաղարկել են յարձակողական եւ պաշտպանողական գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ, հաշուի առնելով 44-օրեայ ռազմական գործողութիւնների փորձը, վարժանքներ են անցկացւում շրջափակման թեմայով», ըսաւ Գասպարեանը: