Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ-ի Դեսպանը

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ-ի Դեսպանը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին:

Վարչապետը ընդգծած է հայ-ամերիկեան համագործակցութեան, ռազմավարական երկխօսութեան աշխուժացումը եւ կարեւորած է ԱՄՆ-ի` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկրի յստակ դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցով, որ կը նպաստէ տարածաշրջանային կայունութեան: Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը կ’առաջնորդուի խաղաղութեան հաստատման օրակարգով եւ բարձր կը գնահատէ միջազգային գործընկերներու, այդ շարքին` Միացեալ Նահանգներու շարունակական օժանդակութիւնը այդ գործընթացին:

Լին Թրէյսին շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին գնահատականին համար եւ վերահաստատած է ԱՄՆ-ի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման, տարածաշրջանային կայունութեան հաստատման: Այս ծիրին մէջ Լին Թրէյսին յիշատակած է օրեր առաջ ՀՀ վարչապետին` ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան կողմին գոհունակութիւնը յայտնած է երկկողմ յարաբերութիւններու աշխուժացման գործին մէջ ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունցի ջանքերուն համար:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգին շուրջ:

Հանդիպման առնչութեամբ ԱՄՆ դեսպանատունը տարածած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը․

Դեսպան Թրէյսիի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման ընթացքին քննութեան առնուեցան ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու վրայ հիմնուած հայ-ամերիկեան կապերու ամրապնդման հեռանկարները:

Դեսպանը ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգները, նաեւ որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ, յանձնառու է ներգրաւուելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող եւ անկէ բխող բոլոր չկարգաւորուած խնդիրներու համապարփակ լուծման հարցին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment