Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսիան Պատրաստ Է Օգնելու Ատրպէյճանին Եւ Հայաստանին Սահմաններու Սահմանազատման Հարցով. Զախարովա

Ռուսիան Պատրաստ Է Օգնելու Ատրպէյճանին Եւ Հայաստանին Սահմաններու Սահմանազատման Հարցով. Զախարովա

by MassisPost

Ռուսիան պատրաստ է օգնելու Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին սահմաններու սահմանազատման հարցով, ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ Ռուսիան պատրաստ է խորհրդատուական աջակցութիւն ցուցաբերելու հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման երկկողմ յանձնաժողովի աշխատանքներուն», յայտնած է Զախարովան` շեշտելով, որ «Ռուսիան ունի եզակի փորձագիտական ներուժ յետխորհրդային տարածքին մէջ սահմանազատման եւ սահմանային վէճերու կարգաւորման ոլորտին մէջ»:

Ռուս պաշտօնեան յաւելած է, որ Մոսկուայի տրամադրութեան տակ կան անհրաժեշտ քարտէզագրական նիւթեր: Թէ ինչ քարտէզներու մասին է խօսքը, Զախարովան չէ յստակացուցած: Ան տեղեկացուցած է, որ «արդէն ձեւաւորուած է ռուս փորձագէտներու խմբակ` խորհրդատուական օգնութիւն ցոյց տալու համար»:

Սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու շուրջ կողմերուն միջեւ պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ: Երկու երկիրներու փոխվարչապետներու գլխաւորութեամբ յանձնաժողովներու առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Փաշինեան-Ալիեւ պրիւքսէլեան բանակցութիւններէն մէկ օր անց: Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Անտրէյ Ռուտենքօն յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմաններու սահմանազատման հարցով յանձնաժողովներու երկրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբաթ, Մոսկուայի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment