Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԱԾ-ն Պետական Դաւաճանութեան Եւս Մէկ Դէպք Բացայայտած Է

ԱԱԾ-ն Պետական Դաւաճանութեան Եւս Մէկ Դէպք Բացայայտած Է

by MassisPost

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հաղորդած է պետական դաւաճանութեան եւս մէկ դէպք բացայայտելու մասին:

ԱԱԾ մամուլի կեդրոնի հաղորդագրութեան համաձայն` ծառայութեան ռազմական հակահետախուզութեան  բաժանմունքի հետախուզական միջոցառումներու շնորհիւ պարզուած է, որ «ՀՀ քաղաքացի Դ.Ղ.-ն, հանդիսանալով զինծառայող, ծառայութեան բերումով տիրապետել է N զօրամասի պահպանութեան ներքոյ գտնուող սահմանագծի երկայնքով տեղակայուած մարտական դիրքերի քոօրտինաթների, կահաւորուածութեան, սպառազինութեան, հերթափոխում ընդգրկուած զինծառայողների քանակի եւ մարտական հերթապահութեան իրականացման հետ կապուած այլ տեղեկութիւնների»:

Դ.Ղ.-ն, կը շարունակէ ԱԱԾ-ն, «2022 թուականի Յունուարին Ֆէյսբուք ընկերային ցանցի միջոցով ծանօթացել է օտարերկրեայ յատուկ ծառայութեան ներկայացուցչի հետ եւ հաւաքագրուել նրա կողմից, որից յետոյ 2022 թուականի Յունուարից Մարտն ընկած ժամանակահատուածում, հաւաքել եւ բջջային հեռախօսի «ուաթսապ» յաւելուածի, ինչպէս նաեւ Ֆէյսպուք ընկերային ցանցի «մեսենճըր» յաւելուածի միջոցով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւնների ներկայացուցիչներին է փոխանցել պետական եւ ծառայողական գաղտնիք կազմող` իրենց ստորաբաժանման պահպանութեան ներքոյ գտնուող մարտական դիրքի տեղակայման վայրի, մարտական հերթապահութիւն իրականացնող անձնակազմի թուաքանակի եւ մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու հետ կապուած այլ տուեալներ` այդ կերպ լրտեսութեան եղանակով կատարելով պետական դաւաճանութիւն` ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային անձեռնմխելիութեան եւ արտաքին անվտանգութեան, որի դիմաց դրամատնային փոխանցման միջոցով ստացել է օտարերկրեայ պետութեան յատուկ ծառայութիւնների կողմից ուղարկուած 200 ԱՄՆ տոլար գումար վարձատրութիւն»:

Պետական դաւաճանութեան դէպքի առթիւ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքին մէջ յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ Դ.Ղ.-ն ձերբակալուած է եւ տուած է խոստովանական ցուցմունք, ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ, անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment