Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միրզոյեանն Ու Եւրոխորհրդարանի Փոխնախագահը Քննարկած Են Տարածաշրջանային Անվտանգութեան Խնդիրներ

Միրզոյեանն Ու Եւրոխորհրդարանի Փոխնախագահը Քննարկած Են Տարածաշրջանային Անվտանգութեան Խնդիրներ

by MassisPost

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Եւրոպական Խորհրդարանի փոխնախագահ Էւա Քոփաչը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներ: Միրզոյեանը ներկայացուցած է Հայաստանի դիրքորոշումը` տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղուած քայլերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ:

Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներու լուծման կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս` Ատրպէյճանի կողմէ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձման, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեանը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները:

Նախարարը Պրիւքսէլ կը գտնուի մասնակցելու Հայաստան-ԵՄ Գործընկերութեան Խորհուրդի 4-րդ նիստին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment