Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ Նախագահը Կը Դիտարկէ Ընդդիմութեան Բացակայութիւններնը Անյարգելի Համարելու Հարցը. Սաղաթէլեանը Սա Քաղաքական Ճնշում Կ’որակէ

ԱԺ Նախագահը Կը Դիտարկէ Ընդդիմութեան Բացակայութիւններնը Անյարգելի Համարելու Հարցը. Սաղաթէլեանը Սա Քաղաքական Ճնշում Կ’որակէ

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը կը դիտարկէ նախագահ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով փողոց դուրս եկած խորհրդարանական ընդդիմութեան բացակայութիւնները անյարգելի համարելու հարցը: Կը կարծէ, որ խնդիրին շատ լուրջ պէտք է մօտենալ:

«Կայ օրէնք, գործում է, պիտի գործի, դա իմ կարծիքն է: Քննարկում կ’անենք, կը հասկանանք», կ’ըսէ ան:

Ընդդիմադիր ամենամեծ` «Հայաստան» խմբակցութենէն Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը ի պատասխան կը յայտարարէ, որ իշխանութիւնը կը փորձէ քաղաքական ճնշում բանեցնել, ազդել փողոցային պայքարի դուրս եկած ընդդիմադիրներուն վրայ:

«Ի տարբերութիւն իրենց` մենք ոչ մանտաթով, ոչ պաշտօններով, մեր կեանքի նպատակը երբեք դա չի: Մենք այդ մանտաթը ստացել ենք մեր ժողովրդի եւ պետութեան շահը սպասարկելու: Այսօր դա փողոցում է, խնդիրները յստակ ձեւակերպուած են, եւ մենք ասել ենք, որ խորհրդարան կը վերադառնանք մեր օրակարգով», կը նշէ Սաղաթէլեանը:

Ազգային Ժողովի լրատուականը փոխանցած է վերջին` գարնանային նստաշրջանին քուէարկութիւններէն ամենաշատը անյարգելի բացակայած պատգամաւորներուն ցանկը:

Օրէնքով պատգամաւորը մանտաթը կորսնցնելու վտանգի տակ է, եթէ մէկ կիսամեակի ընթացքին ան քուէարկութիւններու առնուազն կէսէն անյարգելի բացակայած է: Պատգամաւորի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով Սահմանադրական Դատարան դիմելու վերջնական որոշումը Ազգային Ժողովի նախագահին նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած նիստին Խորհուրդը կը կայացնէ: Եթէ Խորհուրդի նիստին չ’ընդունուիր այդ որոշումը, հարցը դեռ չի փակուիր. առնուազն 22 պատգամաւոր կրնայ դեռ հաւաքուիլ ու պաշտօնակիցի լիազօրութիւններուն դադրեցման հարցով դիմել Սահմանադրական Դատարան:

Խորհրդարանէն տրամադրուած տուեալները մէկ շաբաթ առաջուայ պատկերը կը ներկայացնեն: Ըստ անոր` մինչեւ Մայիս 11 տեղի ունեցած է 193 քուէարկութիւն ու գրանցում, 10 պատգամաւորներ` 9-ը «Հայաստան», 1-ը` «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութենէն, անոնց կէսէն աւելիէն անյարգելի բացակայած են:

Ալէն Սիմոնեան խօսած է 13 ընդդիմադիրներու մասին, որոնք բացակայած են աւելի շատ, քան թոյլատրելի է: Ըսած է, որ հարցը պիտի քննարկուի, երբ նստաշրջանը աւարտի: Գարնանային նստաշրջանը կ’աւարտի մէկ ամիսէն` Յունիս 17-ին:

«Այսօր պայքարի օրակարգը փողոցում է, եւ մենք շարունակում ենք անհնազանդութեան բողոքի գործողութիւնները` կազմակերպելով ժողովրդի հանրային ճնշումը: Իրենք չեն կարող, իրենց հօր տնից չեն տուել այդ մանտաթները, որ մի հատ էլ զրկեն: Թող սկսեն, դա այնքան երկրորդական է, իրօք շատ երկրորդական է, իրենք չեն հասկանում իրավիճակը, չեն տիրապետում իրավիճակին», կը պնդէ Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր փոխխօսնակը:

«Ինչ վերաբերում է պոյքոթին, դրա մասին օրէնքում յստակ գրուած է, որ մի անգամ ամէն մի խմբակցութիւնը կարող է պոյքոթ յայտարարել», աւելցնելով որ բայց կարելի չէ երբ ուզել՝ պոյքոթել, յետոյ գալ ներս մտնել, շեշտած է Ազգային Ժողովի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment