Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Ոստիկանութիւնը Կը Կանգնեցնէ Ինքնաշարժներու Երթերը, 90-է Աւելի Բերման Ենթարկուած Են

ՀՀ Ոստիկանութիւնը Կը Կանգնեցնէ Ինքնաշարժներու Երթերը, 90-է Աւելի Բերման Ենթարկուած Են

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ընդդիմութիւնը անհնազանդութեան գործողութիւնները Երկուշաբթի օր ինքնաշարժի երթերով սկսաւ: Երեւան մտնող միեւնոյն ժամանակ քանի մը ուղղութիւններիցէ ցուցարարները շարժեցան դէպի կեդրոնական փողոցներ: Անոնք դանդաղ կը վարէին ինքնաշարժները` ձգտելով կանգնեցնել երթեւեկութիւնը:

Շատ չանցած ոստիկանութիւնը կասեցուց այդ երթերը` բերման ենթարկելով տասնեակ մասնակիցներ:

90-է աւելի քաղաքացի բերման ենթարկուած է. Ոստիկանութիւենէն կը յայտնեն, թէ պատճառը ոստիկանի օրինական պահանջին չենթարկուիլն է: Իսկ բերման ենթարկուած քաղաքայիններու ինքնաշարժները ճանապարհներէն քարշակներու միջոցով կը հեռացուէին:

Ոստիկանութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, որ ինքնաշարժի երթերը ոչ միայն կը խախտեն ճանապարհային երթեւեկութեան կանոնները, կը խանգարէին երթեւեկութիւնը, այլեւ կը ստեղծէին երթեւեկութեան անվտանգութեան սպառնալիք:

«Կոչ ենք անում վարորդներին` զերծ մնալ իրաւախախտումներից, երթեւեկութեանը խոչընդոտելու միջոցով այլ քաղաքացիների տեղաշարժի իրաւունքը սահմանափակելու փորձերից եւ պահպանել համակեցութեան կանոններն ու փոխադարձ յարգանքը երթեւեկութեան բոլոր մասնակիցների հանդէպ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Երեքշաբթի օր ընդդիմութիւնը կը պատրաստուի նոր թափով սկսելու անհնազանդութեան գործողութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment