Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պլինքընը Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Գերիներու Վերադարձի Հարցը

Պլինքընը Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Գերիներու Վերադարձի Հարցը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահին հետ` քննարկելով հայ-ատրպէյճանական գործընթացին մէջ «վերջին դրական երակազարկը» եւ այդ երկրին մէջ մնացող հայ գերիներու ազատ արձակման հարցը:

«Զրուցեցի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, թէ ինչպէս կրնայ Միացեալ Նահանգները շարունակել աջակցիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ վերջին դրական երակազարկին», գրած է Էնթընի Պլինքընը Թուիթըրի մէջ:

Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսի հաղորդագրութեան համաձայն, ԱՄՆ պետական քարտուղարը եւ Ատրպէյճանի նախագահը քննարկած են «վերջին դրական յառաջընթացը եւ հետագայ յստակ քայլերը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ճանապարհին, այդ շարքին` սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, ճանապարհային եւ հաղորդակցութիւններու ուղիներու բացումը եւ մնացեալ հայ պահուող անձերու ազատ արձակումը»:

Պլինքընը վերահաստատած է, որ Միացեալ Նահանգները «պատրաստակամ է օգնելու` ներգրաւուելով երկկողմանիօրէն եւ համախոհ գործըկերներու հետ, այդ շարքին` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահ մեր դերին միջոցով, օգնելու երկիրներուն գտնելու երկարաժամկէտ համապարփակ խաղաղութիւն»:

Պետական քարտուղարը նաեւ կարեւորած է «մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ յարգանքի աճը» եւ «գնահատած է կարեւոր դերը, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ խաղալ Եւրոպայի ուժանիւթային անվտանգութեան հարցին մէջ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment