Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանի Պնդմամբ` Ալիեւը Պրիւքսէլի Մէջ Խոստացած Է Գերիներ Վերադարձնել, Սակայն Չէ Կատարած

Նիկոլ Փաշինեանի Պնդմամբ` Ալիեւը Պրիւքսէլի Մէջ Խոստացած Է Գերիներ Վերադարձնել, Սակայն Չէ Կատարած

by MassisPost

Ատրպէյճանի փորձերը՝ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ խաղաղութեան բանակցութիւններու սեղանին միայն Պաքուի առաջարկները պիտի ըլլան, ըստ Հայաստանի վարչապետին, առնուազն չեն համապատասխաներ Ատրպէյճանի նախագահին հետ ձեռք բերուած պրիւքսէլեան պայմանաւորուածութիւններուն:

«Մենք քննարկեցինք այդ հարցն Ատրպէյճանի նախագահի հետ, եւ ես ասացի, որ մեզ համար իրենց առաջարկած կէտերի մէջ անընդունելի ոչինչ չկայ, եւ եթէ ատրպէյճանական կողմը համաձայն է, որ մեր երկու պատկերացումները միացնենք իրար եւ այդ հենքի վրայ սկսենք բանակցութիւններ, մենք պատրաստ ենք դրան: Պրիւքսէլից վերադառնալով ես ասացի, որ մենք պայմանաւորուածութիւն ենք ձեռք բերել», ըսաւ Փաշինեան:

Անոր խօսքով` Ատրպէյճանին փոխանցուած Հայաստանի լրացումներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը եւս ներառուած է:

Պրիւքսէլեան հանդիպումը Ապրիլի սկզբին էր, Հայաստանը խաղաղութեան բանակցութիւններ սկսելու` ատրպէյճանական առաջարկներուն անկէ առաջ պատասխած էր:

Ատրպէյճանի հինգ առաջարկներէն առաջինը միմեանց տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումն է, իրարմէ տարածքային պահանջներ չունենալը: Բազմիցս պաշտօնապէս յայտարարուած է, որ Երեւանի համար անոնց մէջ անընդունելի ոչինչ կայ: Իսկ ահա Պաքուին ուղարկուած հայկական առաջարկները Երեւանը արդէն 2 ամիս է` չի գաղտնազերծեր, անոնց մասին պաշտօնեաները միայն ընդհանուր ձեւակերպումներով կը խօսին:

Օրերս Հայաստանի յառաջ քաշած սկզբունքներուն անդրադարձած էր Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը` նախ յայտարարելով, որ «անոնք չեն կրնար առաջարկներ կոչուիլ», բացի այդ, որեւէ բառ չըսելով, թէ Երեւանը առաջարկած է բանակցութիւններու օրակարգը լրացնել Ղարաբաղի կարգավիճակի, արցախահայութեան իրաւունքներու մասին կէտերով:

«Մենք լրացրեցինք այդ յարաբերութիւնների օրակարգը, որտեղ ներառւում է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան իրաւունքների եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի խնդիրը», շեշտեց ՀՀ վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեանը պնդեց, որ Ալիեւը պրիւքսէլեան մէկ այլ խոստում եւս չէ կատարած` գերիներու հերթական խումբը ազատ չէ արձակած. «Առնուազն 38 գերեվարուած անձինք շարունակում են մնալ Ատրպէյճանում, եւ փորձ է արւում անընդհատ տարբեր թեմաներով առեւտրի առարկայ դարձնել այդ գործընթացը, ի միջի այլոց ասեմ` վերջին անգամ հէնց Եւրոմիութեան խորհրդի նախագահի ներկայութեամբ Ատրպէյճանի ղեկավարը խոստացաւ, որ գերիների հերթական խմբին ազատ կ’արձակի, բայց մինչեւ օրս դա տեղի չի ունեցել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment