Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պայրամով․ Սահմանազատման Համատեղ Յանձնաժողովի Կազմը Համաձայնեցուած Է

Պայրամով․ Սահմանազատման Համատեղ Յանձնաժողովի Կազմը Համաձայնեցուած Է

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնած է, որ Պաքուն եւ Երեւանը համաձայնեցուցած են ատրպէյճանա-հայկական սահմանի սահմանազատման հարցերով համատեղ յանձնաժողովի կազմը:

«Յանձնաժողովի առաջին նիստը կը նախատեսուէր կայացնել մինչեւ Ապրիլի վերջ: Անկէ յետոյ ես երկու հեռախօսազրոյց ունեցած եմ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին հետ: Հեռախօսազրոյցներու ընթացքին մենք ներկայացուցած ենք մեր առաջարկները յանձնաժողովի կազմին վերաբերեալ», ըսած է Պայրամով:

Ատրպէյճանի դիւանագիտութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ ատրպէյճանական կողմը Երեւանին առաջարկած է աւելի բարձր մակարդակով յանձնաժողով կազմակերպել:

«Հաշուի առնելով հարեւան այլ երկիրներու հետ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացի շարք մը առանձնայատկութիւններ եւ տարբերութիւններ, մեր առաջարկն էր, որ յանձնաժողովը կազմակերպուի այլ ձեւաչափով, այն ղեկավարուի աւելի բարձր մակարդակով: Ատրպէյճանական կողմին առաջարկը այն էր, որ ատրպէյճանական կողմէն յանձնաժողովը ղեկավարող անձը ըլլայ փոխվարչապետի մակարդակով», ըսած է ան:

Պայրամովի խօսքերով` Պաքուն եւ Երեւանը համաձայնութեան եկած են յանձնաժողովի կազմին շուրջ:

«Հայկական կողմը ընդունած է մեր առաջարկը: Կողմերը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են յանձնաժողովի կազմին շուրջ: Սակայն, ինչպէս արդէն նշած ենք, առաջին նիստը դեռ չէ կայացած: Մենք պատրաստ ենք նիստին»,  յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment