Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հոգեհանգիստ, Մոմավառութիւն Եւ Ոգեկոչում Ողբացեալ Հրանդ Տինքի Յիշատակին

Հոգեհանգիստ, Մոմավառութիւն Եւ Ոգեկոչում Ողբացեալ Հրանդ Տինքի Յիշատակին

by MassisPost

ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆՆԷՍ

Կիրակի, Մայիս 1, 2022ին Պոլսահայ Միութիւնը «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին  մէջ կազմակերպած էր յուշ երեկոյ մը, հանգուցեալ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 15րդ տարելիցին առթիւ:

Երեկոն սկսաւ տուտուկահար Ալպէրթ Վարդանեանի քաղցրահնչիւն մեղեդիներով:

Բացման խօսքը կատարեց Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ եւ Հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ ներկաները  ողջունելէ ետք, հրաւիրեց բոլորը յոտնկայս եւ վայրկեան մը յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալ Տինքի,  Սեւակ Պալըքճըի եւ վերջերս մեզմէ անդարձ բաժնուած Պոլսահայ Միութեան նախկին ատենապետ՝ Տոքթ. Վահրամ Պիրիճիկի եւ Միութեան Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Թալին Եայլաօղլուի հոգիներուն, ապա հրաւիրեց Հոգեւորականաց դասը՝ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու: Կատարուեցաւ մոմավառութիւն եւ երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք Տոքթ. Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց Միութեան բոլոր անդամներուն թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւթական իրենց աջակցութեան համար:

Ձեռնարկի հանդիսավարուհին կրթական Մշակ եւ Հայերէն լեզուի եւ հոգեբանութեան ուսուցչուհի՝ Ռոզալին Մատոեանն էր, որ ձեռնհասօրէն վարեց երեկոն: Ան յայտնեց թէ Հրանդ Տինք եւ թէ Էտվին Մինասեան ողնաշարն էին հայ ժողովուրդին: Անոնք ընելիք շատ բան ունէին տալիք իրենց ժողովուրդին, սակայն դժբախտաբար անոնց գործը անաւարտ մնաց եւ իրենց անունը դրոշմուեցաւ եւ հասաւ այն ոլորտին ուր որեւէ տարր այլեւս չի ոչնչանար:

Հանդիսավարուհին հրաւիրեց գործարար Մարք Չէնեանը, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ արձագանգ մը լսած է որուն ձայնը ծանօթ էր իրեն եւ այդ՝ հանգուցեալ Էտվինի ձայնն էր որ կ՛ըսէր թէ ֆիզիքապէս ձեր հետ չեմ, սակայն հոգեպէս այո:

Տիար Չէնեան յայտարարեց որ ինք ոչ մէկ հայկական կազմակերպութիւն կը ներկայացնէ, ան տարիներու ընթացքին ուսումնասիրութիւններ կատարած է եւ օգտուած: Իր խօսքը կու գայ 2016 թուին, մէկ ժամ տեւողութեան վրայ գլուխ գլխի կատարուած հարցազրոյցէ մը Հրանդ Տինքի հետ վայրը՝ Երեւան ուր աշխարհի բոլոր անկիւններէն հաւաքուած էին, Հայաստան Սփիւռք վերնագրի տակ: Որուն ընթացքին խօսուած  էր  երկու կարեւոր նիւթերու շուրջ՝ Ի՞նչ պէտք է ընել եւ ի՞նչ պէտք չէ ընել: Ան յայտնեց թէ Հրանդ ՏԻնք հայկական աշխարհին կը նայէր եռանկիւնի ձեւով: Իր դէզը այն էր թէ՝ այս եռանկիւնը ունէր իր կարեւորութիւնը եւ վերլուծումները որոնք ըստ այնմ կը մշակուէին եւ ոեւէ մէկը այդ երեքէն պէտք չէ ստորադասել միւս երկուքին սկզբնատէրէրէն, բայց եւ այնպէս եռանկիւնը պէտք եղած ձեւով չէր ընթանար: Ծայրայեղութիւնը արգելք կ՛ըլլար այս երեքին յառաջանալուն: Իր նպատակն էր վերադարձնել կարգ մը բռնագրաւուած հողեր մեր պայմաններով եւ մշտականապէս յառաջանալ: Տինք ջանաց ցոյց տալ որ ծայրայեղութիւնը մեր շուկան ձեռք կ՛առնէ եւ հոս կը հասնինք: Ասիկա Տինքի համար շատ մեծ մտահոգութիւն էր:

Հրաւիրուեցաւ երգչուհի Յասմիկ Յարութիւնեանը որ երգեց «Ես լսեցի մի անուշ

Հանդիսավարուհին բեմ հրաւիրեց Փրօֆ. Կարապետ Մումճեանը որ իր առաջին խօսքով յայտնեց հայուհիի մը մասին որ որդեգրուած էր Մուսթաֆա Քէմալի կողմէ՝ Սապիհա Կէօքչէն, որ ունէր շատ զօրաւոր զինուորական  ձգտումներ եւ որ 1920ական թուականներուն դարձած էր զինուորական օդաչու:  Ան Թրքական բանակին առաջին կին ռազմական օդաչուն ըլլալով, Թրքական օդաչուութեան պատուարժան անուններէն մին էր: Սապիհա Կէօքչէնը նոյնպէս ալ Աթաթիւրքին, Թուրք կնոջ հաւաքականութեան մէջ գրաւելիք դիրքը ցոյց տուող արժէքաւոր եւ հմուտ խորհրդանիշն էր:

Փրօֆ. Մումճեան  խօսեցաւ նաեւ Հրանդ Տինքի գաղափարախօսութեան մասին անդրադարձաւ թէ ինչո՞ւ մէկ ու կէս միլիոն եւ մէկ նահատակ որակուեցաւ ան հայութեան կողմէ եւ դարձաւ գաղափարախօսութեան զոհը:

1927-28 թուականին, երբ ծագեցաւ Արարատեան (Տէրսիմ) ապստամբութիւնը քիւրտերու կողմէ, հայերն ալ մասնակցեցան եւ ռումբեր նետուեցան որոնցմէ մէկը Արարատի շրջանին մէջ ապստամբութեան ռահվիրայ Սէյիտ Րըզայի վրայ տեղաց եւ այդպէսով վերջ գտաւ ապստամբութիւնը: Ան բացատրեց թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերջ, ծայրայեղական գաղափարախօսութիւն կը սերմանուէր մատղաշ սերունդին մէջ: Հայկական պատմութեան զեղծարարութեան մասին  50-60ական ժամանակաշրջանն էր: Ինչ որ հայերը կը գրեն եւ կը խօսին սուտ է կ՛ըսէին թուրքերը: Յատուկ ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքավարութիւն էր այդ, որ մինչեւ այսօր թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ: Նաեւ կան ակադեմական դէմքեր որոնք ձեւով մը կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը սակայն թուրքին համար նոյնն է որպէսզի հատուցման հարցը չմնայ իրենց մտքին մէջ:

Փրօֆ. Մումճեան խօսեցաւ նաեւ Հրանդ Տինքի գաղափարախօսութեան մասին ըսելով թէ Տինք կը մտածէր թէ նոյնիսկ եթէ Գերմանիան Հրեաներուն ողջակիզումը չ՛ընդունէր, այսօր զօրաւոր Հրէաստան մը գոյութիւն պիտի չունենար:

Երկրորդ հարցը եռանկիւնի մասին էր որ Պրն. Չէնեան խօսած էր Հայաստան  – Սփիւռքահայութեան եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու մասին: Տինքի համար կարեւոր էր որ թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը հասկցուին սփիւռքէն, թէ անոնք ի՞նչ տեսակի ճնշուածութեան տակ էին, պարտաւոր էին թրքանալ եւ յստակ ինքնութեան հարց կար: Հայկական մշակութային ձեռնարկներու կարեւորութիւնը կար որ պէտք էր արտօնութիւն հայցէին կառավարութենէն: Այս մէկը շատ կարեւոր երեւոյթ էր որուն վրայ կը կեդրոնանար Հրանդ Տինք:

Երկրորդ՝ պէտք էր դրական ձեւով մտածուէր ինքնութեան մասին: Կար ինքնութիւն մը որ սուգի, վախի եւ հալածանքի վրայ հիմնուած էր: Հրանդը շատ մտիկ չէր ըներ որ վտանգի տակ էր եւ կը փորձէր ազատ աղաւնիի նման մէջտեղ մնալ որ նոյն կացութեան մէջ է հիմա Կարօ Փայլանը:

Նաեւ Հրանդ կը խօսէր Սապիհա Կէօքչէնի մասին թէ ինչպէս հայ բեկոր մը Ցեղասպանութենէ ազատած՝ կը մոռնար իր ազգութիւնը եւ կը դառնար թուրք ազգին լաւագոյն կերպարներէն մին: Տինքի համար հիմնական հարցը այն էր որ թրքահայը պոլսահայութեամբ չի վերջանար: Մենք հոս այս հողին վրայ, Տինքի նման մտածողները կարեւոր են մեր հիմնած հարցերուն մէջ ամբողջական լուծում բերելու մտածումով եւ Հրանդի նման մարդիկը կը բացակային այսօր: Խոհուն մտածողութիւն չկայ, այլ կայ ամէն տեսակ հարց՝ ծայրայեղութեամբ դիմակալելու: «Աստուած ազատէ մեզ» եզրափակեց Մումճեան:

Դարձեալ բեմ բարձրացաւ տուտուկահար Վարդանեան եւ նուագեց «Սարի աղջիկ»ը:

Հրաւիրուեցաւ Իրաւաբան Կարօ Ղազարեանը եւ յայտնեց թէ Տինք եւ Մինասեան դասալիք չեղան պայքարի դաշտէն, անոնց ունեցած պայքարի ոգին պիտի չի կրնայ ունենալ ոեւէ անհատ: Անոնց բարի ապրումները յաղթանակի առաջնորդութիւն պիտի ըլլան բոլորիս եւ իրենց կեանքի օրինակով պիտի ըլլանք արդար, խիզախ եւ նախանձախնդիր ու պահապան՝ հայկական արժէքներուն նկատմամբ: Հրանդն ու Էտվինը պիտի մնան ճառագայթող աստղեր իրենց բարի ժպիտներով առիթ պիտի չի տան մեզ վկայելու: Իրաւաբան Ղազարեան շեշտեց թէ իր երթը Էտվինի հետ չունէր եւ պիտի չունենար աւարտ: Նաեւ, իր մշտադալար հոգին որպէս անմար երգ լուսաւորէ մեզ եւ իր ջերմ ժպիտը ցմահ դրոշմուած մնա

Հանդիսավարուհին հրաւիրեց Տոքթ. Աւետիքեանը որպէսզի ընթերցէ Էսքիճեան Թանգարանի Տնօրէնուհի՝ Մէկի Մանկասարեան-Կօշինի հակիրճ կենսագրականը, հինգ տարիներու ընթացքին թանգարանը եւ հիւրասիրութիւնը տրամադրած ըլլալուն համար՝ Պոլսահայ Միութեան ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ Հայ մշակոյթին հանդէպ իր կատարած զոհողութիւններուն համար, որմէ ետք ան հրաւիրուեցաւ ստանալու Պոլսահայ Միութեան Պատուոյ անդամի զարդասեղը: Տկ. Մէկի յայտնեց թէ իր ուժն ու խրախուսանքը ստացած է իր հանգուցեալ հօրմէն որուն կը պարտի ամէն բան:

Հրաւիրուեցաւ Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր որ կարդաց Իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեանի հակիրճ կենսագրականը, նշեց անոր հայ համայնքի հանդէպ կատարած զոհողութիւնները եւ Միութեան մօտիկ բարեկամ ըլլալը, ապա հրաւիրեց զայն եւ պատուեց Պոլսահայ Միութեան Պատուոյ Անդամի զարդասեղով: Իրաւաբան Կանիմեան յայտնեց թէ ազգին ծառայելու յատկութիւնը կը պարտի իր ծնողաց եւ մեծ հօր, իսկ համբերանքն ու քաջալերանքը կը պարտի իր կնոջ: Ան յայտնեց թէ իսկապէս իրեն համար պատիւ է Պոլսահայոց մէջ ըլլալ:

Վերջին բաժնով հրաւիրուեցաւ Փրօֆ. Թանէր Աքչամ որ իր սրտի խօսքին մէջ  վեր առնելով հանգուցեալին բազում յատկութիւններն ու աշխատանքային եռանդն ու վարակիչ կորովը յայտնեց թէ՝ կան մարդիկ, որոնք կը մնան նախադրեալ, բայց առանց որոնց ոչ մէկ բան հնարաւոր չէ ընել։ Անոնք իրենց համայնքի ողնաշարն են, և երբ բացակային, հսկայական բաց կը ձգեն մեր կեանքին մէջ: Ան յայտնեց թէ Էտվինին հանդիպած է 1999 թուականին, եւ Էտվինն էր որ կը կազմակերպէր բոլոր իրադարձութիւնները և կանգնած կ՛ըլլար քուլիսներու ետին և կը ստիպէր որ ամէն ինչ տեղի ունենար: Ան ոչ միայն աքթիւիսթ էր, այլ գիտելիքի հսկայական պաշար ունէր: Էտվինէն էր որ իմացած էր ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ամերիկեան իրաւական համակարգի դերի մասին։ Փրօֆ. Աքչամ յայտնեց թէ «Եթէ մենք բոլորս պարտաւորուինք վերցնել Էտվինի աշխատանքէն միայն մէկը՝ օգնելու կատարել իր տեսլականներէն մին, մենք կը կարողանանք առաջ մղել այն փառահեղ աշխատանքը, որ դեռ  մեր  առջև  է»:

Հրաւիրուեցան Գործադիր Յանձնախումբի անդամներ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր, Էտի Սարաֆօղլու, Սերժ Պուլանըքեան, Հերման Եայլաօղլու, Յակոբ Հալըճը, Միութեան նախկին ատենապետ՝ Սիմոն Աճըիլաչ եւ իր թոռը՝ Էտրիըն Մինասեան, ինչպէս նաեւ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան եւ Փրօֆ. Օշին Քէշիշեան, յանձնելու համար «Հրանդ Տինք Արդարութեան եւ Ազատութեան» տարեկան Շքանշանը, հանգուցեալ իրաւաբան՝ Էտվին Մինասեանի եղբօրորդւոյն Էտրիըն

Նախ քան յանձնումը՝ խօսք առաւ Հոգաբարձութեան փոխ նախագահ՝ Տիար Էտի Սարաֆօղլու ըսելով. «Մեզ համար տխուր օր մըն է որովհետեւ մենք կորսնցուցինք մտերիմ ընկեր մը, ես անձնապէս կորսնցուցի զարմիկ մը որ ընտանիքին անկիւնաքարն էր»: Ապա փոխանցուեցաւ հանգուցեալ Էտվին Մինասեանի յետ մահու արժանացած «Հրանդ Տինք Արդարութեան եւ Ազատութեան տարեկան Շքանշան»ը։    Իրաւաբան Մինասեան երկար տարիներ ծառայութիւն մատուցած էր Լոս Անճէլըսի հայ համայնքին եւ արժանի էր յետ մահու այս մեծարանքին, անոր գործունէութեան դրօշմը առյաւէտ պիտի մնայ մեր ազգային կեանքէն ներս։

Շնորհակալութիւն՝ Շքանշանի եւ Զարդասեղներու  նուիրատուներ՝ Տէր եւ Տիկին Էտի (Պոլսահայ Միութեան Հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ եւ իր կողակից՝ Թալին Սարաֆօղլուին (Միութեան Տիկնանց Յանձնախումբի նախկին ատենապետուհի):

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ խմբային լուսանկարչական պահ, ապա պատշաճ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները իրար հետ ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment