Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան Բարեկամական Խումբի Պատուիրակութիւնը

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան Բարեկամական Խումբի Պատուիրակութիւնը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը ողջունած է պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ բարձր գնահատած է անոնց ներդրումը հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման գործին մէջ: Նիկոլ Փաշինեան յաւելած է, որ երկու երկիրներու օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինները կը համագործակցին սերտօրէն եւ անոր մէջ մեծ է նաեւ բարեկամութեան խումբին աւանդը: «Ձեր այցերը մեր երկիր մեծ եւ դրական լիցք են հաղորդում հայ-ֆրանսական գործընկերութեան շարունակական ամրապնդմանը», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազ շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծած, որ հետագային եւս ջանքերը պիտի ուղղեն երկկողմ գործընկերութեան զարգացման: «Մենք պիտի շարունակենք ըլլալ Հայաստանի ու Արցախի կողքին», ըսած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբին ղեկավարը` յիշեցնելով, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղուած բանաձեւը ստացած է լայն աջակցութիւն ծերակուտականներուն կողմէ:

Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ Ծերակոյտին ընդունած բանաձեւը հսկայական քաղաքական նշանակութիւն ունի, որ մեծ ուժ եւ վստահութիւն կը հաղորդէ արցախահայութեան իրաւունքներու միջազգային ճանաչման ծիրին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տակաւին Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ քաղաքացիական անձերու վերադարձի ապահովման, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, մարդասիրական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման վերաբերող հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment