Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուբինեանն Ու Քըլըճը Վերահաստատած Են «Երկու Երկիրներու Միջեւ Լիարժէք Կարգաւորման Հասնելու Նպատակը»

Ռուբինեանն Ու Քըլըճը Վերահաստատած Են «Երկու Երկիրներու Միջեւ Լիարժէք Կարգաւորման Հասնելու Նպատակը»

by MassisPost

Վիեննայի մէջ հանդիպած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ Սերտար Քըլըճը:

Հայ եւ թուրք բանագնացները վերահաստատած են այս գործընթացին միջոցով երկու երկիրներուն միջեւ լիարժէք կարգաւորման հասնելու նպատակը, կը յայտնէ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը: Թրքական կողմը եւս նոյն բովանդակութեան հաղորդագրութեամբ հանդէս եկած է:

«Այս առնչութեամբ նրանք ունեցել են յստակ տեսակէտների անկեղծ ու արդիւնաւէտ փոխանակում եւ քննարկել հնարաւոր քայլերը, որոնք կարող են ձեռնարկուել այս ուղղութեամբ շօշափելի յառաջընթացի հասնելու համար: Նրանք վերահաստատել են իրենց համաձայնութիւնը` շարունակելու գործընթացը առանց նախապայմանների», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Այս հանդիպումը արդէն երրորդն է հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցով յատուկ բանագնացներու նշանակումէն ի վեր: Ռուբէն Ռուբինեանը եւ Սերտար Քըլըճը առաջին անգամ հանդիպած էին Յունուարին՝ Մոսկուայի մէջ, այնուհետեւ` Փետրուարին՝ Վիեննայի մէջ: Երկու հանդիպումներու արդիւնքով բանագնացները պայմանաւորուած էին շարունակել գործընթացը` առանց նախապայմաններու:

Ու չնայած թրքական կողմը կը պնդէ, որ եկած է բանակցութիւնները Երեւան ու Անգարա տեղափոխելու ժամանակը, այս հանդիպումը եւս, հայկական կողմին առաջարկով, երրորդ երկրի մէջ կայացաւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment