Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միացեալ Նահանգներն Ու Հայաստանը Քաղաքացիական Միջուկային Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեցին

Միացեալ Նահանգներն Ու Հայաստանը Քաղաքացիական Միջուկային Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեցին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն ու Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը Ուաշինկթընի մէջ ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր` քաղաքացիական միջուկային բնագաւառին մէջ ռազմավարական համագործակցութեան վերբերեալ:

Փաստաթուղթը ստորագրելէ առաջ անոնք հանդէս եկան կարճ յայտարարութիւններով, որ ուղիղ հեռարձակուեցաւ Պետական Քարտուղարութեան կայքով:

Էնթընի Պլինքընը գոհունակութիւն յայտնեց հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան նիստերը վերականգնելու կապակցութեամբ, որ ընդհատուած էր Քովիտի համավարակին պատճառով:

«Սա շատ կարեւոր երկխօսութիւն է, որուն միջոցով կրնանք խորացնել եւ ամրապնդել մեր յարաբերութիւնները եւ փնտռել նոր հարթակներ համագործակցութեան եւ փոխգործակցութեան համար», ըսած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը, մասնաւորապէս, որպէս նոր ուղիներէն մէկը նշելով քաղաքացիական միջուկային փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրումը:

Mirzoyan-inken-MoU-Washington-2

Պլինքըն գովեստով խօսած է ժողովրդավարական բարեփոխումները շարունակելու Հայաստանի վարչապետին, կառավարութեան ջանքերուն մասին եւ նշած է, որ յառաջընթացը պէտք է շարունակական ըլլայ:

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը․ «Կը փափաքիմ ողջունել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը եւ երախտագիտութիւն յայտնել տեսլականի, խիզախութեան եւ ճկունութեան համար, որ վարչապետը եւ Հայաստանը կը ցուցաբերեն տեւական խաղաղութեան հասնելու գործընթացին մէջ, ինչ որ բոլորիս նպատակն է», նշած է Պլինքըն:

Արարատ Միրզոյեան ըսած է, որ 2018 թուականի թաւշեայ, ժողովրդավարական յեղափոխութենէն յետոյ համախմբուած ուժերով ու համատեղ ջանքերով հայ-ամերիկեան համագործակցութեան աստիճանը բարձրացած է ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակի:

Միրզոյեան անդրադարձած է ԱՄՆ-ի աջակցութեան՝ Հայաստանի ուժանիւթային ոլորտի զարգացման, իրեն համար պատիւ համարած է քաղաքացիական միջուկային համագործակցութեան յուշագրի ստորագրումը:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը բարձր գնահատած է տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան ուղղուած ԱՄՆ-ի ջանքերը, նաեւ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահ, որ միջազգային հանրութեան մանտաթ ունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար:

Միրզոյեան նաեւ շնարհակալութիւն յայտնած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ԱՄՆ-ի ջանքերուն համար եւ բարձր գնահատած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու ԱՄՆ-ի ամուր դիրքորոշումը, որ ցուցաբերուեցաւ նաեւ այս տարի:

Մայիս 2-6-ին աշխատանքային այցի ընթացքին նախատեսուած են նաեւ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումներ վարչակազմի պաշտօնեաներու, Գոնկրէսի անդամներու հետ եւ ելոյթ Ատլանտեան Խորհուրդ Կեդրոնին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment