Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Թրքական Սահմանի Վերասահմանագծման Մասին Քննարկում Կամ Պայմանաւորուածութիւն Չկայ. ԱԳՆ

Հայ-Թրքական Սահմանի Վերասահմանագծման Մասին Քննարկում Կամ Պայմանաւորուածութիւն Չկայ. ԱԳՆ

by MassisPost

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի վերասահմանագծման վերաբերեալ որեւէ քննարկում կամ պայմանաւորուածութիւն չկայ, կը յայտարարէ պաշտօնական Երեւանը:

«Նման հարց օրակարգում չկայ», նշած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեանը:

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն աւելի առաջ յայտնած է, որ վաղը հայ եւ թուրք բանագնացներու հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին «յառաջիկային ձեռնարկուելիք տարբեր քայլեր»: Ան ըսած է, որ համաձայնութիւն կայացուած է երկու երկիրներու սահմանները որոշելու հարցով` չբացառելով, որ պիտի ստեղծուի համատեղ յանձնաժողով, ինչպէս հայ-ատրպէյճանական սահմանի պարագային կը նախատեսուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment