Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մայիս 13-ին Տուշանպէի Մէջ Պիտի Հանդիպին Հայաստանի, Ատրպէյճանի Եւ Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարները

Մայիս 13-ին Տուշանպէի Մէջ Պիտի Հանդիպին Հայաստանի, Ատրպէյճանի Եւ Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարները

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ համաձայնութիւն յայտնած է Մայիս 13-ին Տուշանպէի մէջ կայանալիք ԱՊՀ Արտաքին Գործերու Նախարարներու Խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ Հայաստանի, Ռուսաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու եռակողմ հանդիպում կայացնելու ռուսական կողմի առաջարկին:

Միրզոյեան-Լաւրով զրոյցին մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը` մանրամասնելով, որ երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարները քննարկած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ստանձնած պարտաւորութիւններու իրականացման ընթացքը:

Արարատ Միրզոյեանն ու Սերկէյ Լաւրովը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ձեւաւորման, որուն կառուցուածքը Երեւանն ու Պաքուն արդէն համաձայնեցուցած են: Պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած էր երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներու վերջին հեռախօսազրոյցին ընթացքին:

Արարատ Միրզոյեան, ըստ Նախարարութեան հաղորդագրութեան, վերահաստատած է Հայաստանի դիրքորոշումը` տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղուած գործընթացներուն, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համապարփակ պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment