Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Երկուշաբթի` Մայիս 2-ին, Պրիւքսէլի մէջ պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ:
«Քննարկելու ենք մի շարք հարցեր Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններին վերաբերող», ըսաւ Արմէն Գրիգորեանը` հնարաւոր համարելով, որ անոր կրնայ յաջորդել Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը:
«Եթէ մենք կարողանանք այն բոլոր հարցերի պատասխանները ստանալ Պրիւքսէլում, ապա կարող ենք նաեւ քննարկել երկրի առաջնորդների մակարդակով հանդիպում Պրիւքսէլում», նշեց Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը:
Ատրպէյճանի նախագահը աւելի վաղ յայտնած էր, որ Մայիսի սկիզբը Պրիւքսէլի մէջ կրնան հանդիպիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները:
Արմէն Գրիգորեանի եւ Հիքմեթ Հաճիեւի նախորդ հանդիպումը կայացած էր Մարտի վերջաւորութեան, Պրիւքսէլի մէջ` Եւրոմիութեան հարկին տակ, ըստ ԵՄ դիւանագիտական ծառայութեան հաղորդագրութեան, «յառաջ մղելու երկու երկիրներուն միջեւ շարք մը խնդիրներու լուծում գտնելու ջանքերը»: