Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Գրիգորեանը Պրիւքսէլի Մէջ Պիտի հանդիպի Ալիեւի Օգնական Հաճիեւի Հետ

Արմէն Գրիգորեանը Պրիւքսէլի Մէջ Պիտի հանդիպի Ալիեւի Օգնական Հաճիեւի Հետ

by MassisPost

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Երկուշաբթի` Մայիս 2-ին, Պրիւքսէլի մէջ պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ:

«Քննարկելու ենք մի շարք հարցեր Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններին վերաբերող», ըսաւ Արմէն Գրիգորեանը` հնարաւոր համարելով, որ անոր կրնայ յաջորդել Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը:

«Եթէ մենք կարողանանք այն բոլոր հարցերի պատասխանները ստանալ Պրիւքսէլում, ապա կարող ենք նաեւ քննարկել երկրի առաջնորդների մակարդակով հանդիպում Պրիւքսէլում»,  նշեց Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը:

Ատրպէյճանի նախագահը աւելի վաղ յայտնած էր, որ Մայիսի սկիզբը Պրիւքսէլի մէջ կրնան հանդիպիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները:

Արմէն Գրիգորեանի եւ Հիքմեթ Հաճիեւի նախորդ հանդիպումը կայացած էր Մարտի վերջաւորութեան, Պրիւքսէլի մէջ` Եւրոմիութեան հարկին տակ, ըստ ԵՄ դիւանագիտական ծառայութեան հաղորդագրութեան, «յառաջ մղելու երկու երկիրներուն միջեւ շարք մը խնդիրներու լուծում գտնելու ջանքերը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment