Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեքսիքացի Ծերակուտականը Յորդորած Է Ծերակոյտին Ու Կառավարութեան Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Մեքսիքացի Ծերակուտականը Յորդորած Է Ծերակոյտին Ու Կառավարութեան Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Մեքսիքոյի Ծերակոյտի լիագումար նիստի ընթացքին, Ապրիլ 26-ին, կայացած է Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն:

Մեքսիքոյի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ծերակուտական Ալեխանտրա Լէոնը հանդէս եկած է ելոյթով, որուն մէջ նշած է Օսմանեան Կայսրութեան մէջ իրագործուած հայ բնակչութեան կոտորածներուն մասին` յորդորելով մեքսիքական ծերակոյտին ու կառավարութեան ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ծերակոյտի նախագահ Օլկա Սանչեզի առաջարկով ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:

Նիստէն յետոյ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ընթացքին, Հայաստանի դեսպան Արմելլա Շաքարեանը շեշտած է, որ անցեալի ցեղասպանութիւններու ճանաչումը եւ ոգեկոչումը առանցքային նշանակութիւն ունի աշխարհի որեւէ անկիւնին մէջ նմանօրինակ ոճրագործութեան կրկնութեան կանխարգիլման համար: Դեսպանը նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնը այսօր կ’ոգեշնչէ միջազգային նոր յանցանքներ ծրագրողները: 2020 թուականի Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծած պատերազմը, որ կ’ուղեկցուէր յանցագործութիւններով եւ ցեղային զտումներով, ի ցոյց դրաւ, որ նախապէս իրականացուած յանցագործութիւններուն անպատժելիութիւնը անդառնալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment