Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Զարթնիր Լաօ»-ն ՀՓՇ-էն Քանի Մը Անգամ Քիչ Մարդ Կը Հաւաքէ

«Զարթնիր Լաօ»-ն ՀՓՇ-էն Քանի Մը Անգամ Քիչ Մարդ Կը Հաւաքէ

by MassisPost

Խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր դաշինքներու նախաձեռնած փողոցային շարժումները իրենց ակնկալած արդիւնքը չեն տար: Հանրային լայն շրջանակները անարձագանգ կը թողեն «Զարթնիր լաօ» կոչերը: Տեւական ժամանակ է կարելի չ’ըլլար զօրաշարժի ենթարկել 2-3 հազարէն աւելի ցուցարար:  Ի տարբերութիւն «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման» առաջին փուլին, որ մեկնարկած էր 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-էն, այս անգամ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները քիչ մը փոխած են մարտավարութիւնը, բեմահարթակը տրամադրած են աւելի երիտասարդ ներկայացուցիչներու, իսկ իրական առաջնորդները կը նախընտրեն մասնակցիլ շարժումներուն ցուցարարներու շարքերուն մէջ:

Կայ եւս մէկ տարբերութիւն. այս անգամ գրեթէ նոյնութեամբ կը կրկնեն 2018 թուականի յեղափոխութեան ժամանակ կիրառուած գործիքները` քայլերթեր, իրազեկման շարժումներ, արագաչափերու փակում եւ այլն: Ընդդիմութեան  ներկայացուցիչները կարծես միամտօրէն հաւատացած  են, որ փողոցային շարժումներու անյաջողութեան պատճառները մեթոտներուն եւ մօտեցումներուն մէջ են: Այնինչ խնդիրը յառաջ քաշուած օրակարգն է, աւելի ճիշդ` իրական օրակարգը թաքցնելը: Ընդդիմութիւնը կը գուժէ, որ Արցախի հարցով կ’ընթանան կամ կը սպասուին կործանարար գործընթացներ եւ կոչ կ’ընեն հասարակութեան՝ դուրս գալու փողոց եւ կանխելու այդ ամէնը, իսկ այդ ընելու համար պէտք է իրականացնել իշխանափոխութիւն: Եթէ աւելի  հասկնալի ներկայացնենք ընդդիմութեան օրակարգը`  նպատակը Արցախի եւ Հայաստանի փրկութիւնն է, իսկ անոր հասնելու միջոցը` իշխանափոխութիւնը:

Արցախի կարգավիճակին շուրջ վատատեսական սենարներ հանրութեան հրամցնելը չունի որեւէ հիմք: Արցախի նախագահը յայտնած է, որ Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ այս փուլին որեւէ փաստաթուղթ չի քննարկուիր, եւ Հայաստանի վարչապետին հետ կայ յստակ պայմանաւորուածութիւն, համաձայն որուն` Արցախի հետագայ կարգավիճակին հետ կապուած միջազգային մակարդակով որեւէ քննարկման պարագային, հայկական կողմին դիրքորոշումը պէտք է համաձայնեցուած ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդի կարծիքին հետ: Նոյնաբովանդակ յայտարարութիւններ հնչած են նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment