Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուրուկուէյի Արտաքին Գործերու Նախարարը Դատապարտած Է Թուրք Պաշտօնակիցին Արարքը

Ուրուկուէյի Արտաքին Գործերու Նախարարը Դատապարտած Է Թուրք Պաշտօնակիցին Արարքը

by MassisPost

Ուրուկուէյի արտաքին գործերու նախարար Ֆրանսիսքօ Պութիլլօն, ելոյթ ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառման ընթացքին, դատապարտեց եւ մերժեց իր թուրք գործընկեր Մեւլութ Չաւուշօղլուի` հայերուն ուղղած «Գորշ Գայլերու» նշանը:

Մոնթեվիտէոյի «Արմենիա» հրապարակին մէջ կայացած ձեռնարկի ժամանակ իր ելոյթին մէջ, նախարարը վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Որուկուէյի կողմէ:

Արտաքին գործերու նախարարը ըսաւ, որ իր երկիրը յիշողութեան եւ սկզբունքներու երկիր է, որ կը պաշտպանէ խաղաղութիւնը, ուստի դատապարտելի ու մերժելի են բոլոր արարքները, որոնք կը ստեղծեն ֆիզիքական կամ բարոյական բռնութիւն ու ատելութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment