Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Առաջին Եռամսեակին Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Աճած Է 9․6 Տոկոսով

Առաջին Եռամսեակին Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Աճած Է 9․6 Տոկոսով

by MassisPost

Այս տարուայ առաջին եռամսեակին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 9․6 տոկոսով: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէն` հրապարակելով շտապ հաւաքագրուած տուեալները: Այս տարուայ Մարտին, նախորդ տարուայ Մարտին համեմատ, աճը կազմած է 6.7 տոկոս:

Յունուար-Մարտին, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աճած է 3․1 տոկոսով, շինարարութեան ծաւալը` 6․2 տոկոսով, առեւտուրի շրջանառութիւնը՝ 7․6 տոկոսով, ծառայութիւններու ծաւալը՝ 22․2 տոկոսով: Սպառողական գնաճը կազմած է 7․8 տոկոս: Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած է 5․4 տոկոս անկում:

Առաջին եռամսեակին, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը աճած է 38․5 տոկոսով, այդ շարքին` արտահանումը՝ 26․9, իսկ ներմուծումը` 45․6 տոկոսով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment