Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Կարգավիճակին Վերաբերեալ Այս Փուլին Որեւէ Փաստաթուղթ Չի Քննարկուիր. Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի Կարգավիճակին Վերաբերեալ Այս Փուլին Որեւէ Փաստաթուղթ Չի Քննարկուիր. Արայիկ Յարութիւնեան

by MassisPost

Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ այս փուլին որեւէ փաստաթուղթ չի քննարկուիր, կառավարութեան նիստին յայտարարած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը: Անոր խօսքով` ՀՀ վարչապետին հետ կայ յստակ պայմանաւորուածութիւն, որ Արցախի հետագայ կարգավիճակին հետ կապուած միջազգային մակարդակով որեւէ քննարկման պարագային հայկական կողմին դիրքորոշումը պէտք է համաձայնեցուած ըլլայ Արցախի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդի կարծիքին հետ:

Արայիկ Յարութիւնեան, ըստ նախագահի աշխատակազմին հաղորդման, ներկայացուցած է տիրող ռազմաքաղաքական իրավիճակը եւ Արցախի շուրջ արտաքին քաղաքական վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս` վերջերս Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ Պրիւքսէլի մէջ (Փաշինեան-Ալիեւ-Միշէլ) եւ Մոսկուայի մէջ (Փաշինեան-Փութին) կայացած հանդիպումներու ծիրին մէջ:

Բացի այդ, ան յանձնարարած է կառավարութեան անդամներուն ցուցաբերել նախաձեռնողականութիւն` պետական մակարդակով ՀՀ գործընկեր գերատեսչութիւններու հետ կապերը աւելի ամրապնդելու ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment