Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանը Թուրքիոյ Հայ Համայնքին Ներդրումը Կ’ակնկալէ Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւններուն Կարգաւորման Հարցին Մէջ

Էրտողանը Թուրքիոյ Հայ Համայնքին Ներդրումը Կ’ակնկալէ Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւններուն Կարգաւորման Հարցին Մէջ

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահը Ապրիլ 24-ի առիթով ուղերձ յղած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին եւ հայ համայնքին, որ ընթերցուած է պատրիարքարանի Մայր եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ պատարագին ժամանակ:

«Մէկ անգամ եւս յարգանքով կը յիշեմ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի դժուարին պայմաններուն մէջ մահացած օսմանեան հայերը եւ անկեղծ ցաւակցութիւնս կը յայտեմ անոնց ողջ մնացած հարազատներուն»,  մասնաւորապէս ըսուած է ուղերձին մէջ:

Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան ընդգծած է, որ Առաջին Աշխարհամարտին յաջորդող տարիները Օսմանեան կայսրութեան միլիոնաւոր զաւակներուն համար շատ ցաւալի շրջան եղած են: Անոր պնդմամբ` մարդկութեան պարտքն է կիսել այդ ընդհանուր ցաւը` առանց կրօնական, ցեղային ու մշակութային խտրականութեան:

Թուրքիոյ նախագահը իր ուղերձին մէջ շեշտած է «անցեալի վէրքերը միասին ամոքելու եւ մարդկային կապերը աւելի ամրապնդելու կարեւորութիւնը»:

«Հաւատացած եմ, որ այս տրամաբանութեամբ ցաւերը աւելի խորացնելու փոխարէն պէտք է միասին կառուցենք ապագան` ներշնչուելով հազար տարուայ արմատներ ունեցող մեր համակեցութենէն», ըսուած է ուղերձին մէջ:

Անդրադառնալով հայ-թրքական բանակցային գործընթացին` Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ գիտէ եւ շատ կը կարեւորէ, որ հայ համայնքը անկեղծօրէն կը սատարէ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին եւ երկու երկիրներուն միջեւ սերտ համագործակցութեան:

«Կ’ակնկալեմ, որ դուք ալ ձեր հզօր ներդրումը կ’ունենաք երկար տարիներ անց մեր տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան համար յառաջացած պատմական հնարաւորութեան արժեւորման հարցին մէջ», ըսած է Էրտողան` վստահեցնելով. «Ամէն ջանք պիտի գործադրենք Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն խաղաղ ու անվտանգ կեանքի ապահովման համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment