Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապրիլ 24-ի Ուղերձին Մէջ ԱՄՆ Նախագահը Կրկին Օգտագործեց Հայոց Ցեղասպանութիւն Եզրոյթը

Ապրիլ 24-ի Ուղերձին Մէջ ԱՄՆ Նախագահը Կրկին Օգտագործեց Հայոց Ցեղասպանութիւն Եզրոյթը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահը հրապարակեց իր ապրիլքսանչորսեան ուղերձը, որուն մէջ, ինչպէս նախորդ տարի, Ճօ Պայտըն օգտագործած է Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթը` քանի մը անգամ:

«1915 թուականի Ապրիլ 24-ին օսմանեան իշխանութիւնները Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալեցին հայ մտաւորականները եւ համայնքին առաջնորդները: Այսպէս սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` 20-րդ դարի վատթարագոյն զանգուածային վայրագութիւններէն մէկը: Այսօր մենք կը յիշատակենք մէկուկէս միլիոն հայերը, որոնք բնաջնջման արշաւի ընթացքին տեղահանուած են, կոտորուած են կամ մահուան երթի ուղարկուած են, եւ կը սգանք այդքան շատ կեանքերու կորուստը», ըսուած է ուղերձին մէջ, որ հրապարակուած է Սպիտակ տան պաշտօնական կայքէջին մէջ:

«Խորհելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, մենք կը վերահաստատենք մեր խոստումը` զգօն մնալ ատելութեան քայքայիչ ազդեցութեան դէմ` իր բոլոր ձեւերով: Մենք յանձնառու կը մնանք աշխարհի վրայ տեւական սպիներ թողնող վայրագութիւնները բարձրաձայնելուն եւ կանգնեցնելուն: Եւ, սգալով կորուստները Մեծ Եղեռնի ընթացքին, կրկնապատկենք մեր ջանքերը` ապաքինելու եւ կառուցելու աւելի լաւ, աւելի խաղաղ աշխարհը, որ մենք կը փափաքինք մեր երեխաներուն համար», կը յայտարարէ ԱՄՆ նախագահը` շարունակելով․ «Աշխարհը, ուր կը յարգուին մարդու իրաւունքները, ուր մոլեռանդութեան եւ անհանդուրժողականութեան չարիքները չեն անդրադառնար մեր ամէնօրեայ կեանքին վրայ, եւ ուր մարդիկ ամէնուր ազատ են` ապրելու իրենց կեանքը արժանապատուօրէն եւ ապահով»:

Սա նաեւ հայ ժողովուրդի ուժի եւ դիմացկունակութեան մասին խորհելու պահն է, կը շեշտէ Պայտըն` մանրամասնելով․ «Ցեղասպանութեան ենթարկուելէ յետոյ հայ ժողովուրդը վճռական էր` վերակառուցելու իր համայնքը եւ իր մշակոյթը, այնքան յաճախ` նոր տուներու եւ նոր հողերու մէջ, այդ շարքին` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ամերիկահայերը Միացեալ Նահանգներու կենսական մաս կը կազմեն: Անոնք մեր պետութիւնը աւելի ուժեղ կը դարձնեն` նոյնիսկ կրելով ողբերգական գիտելիքը իրենց նախնիներուն հետ կատարուածին մասին: Մենք կը ճանչնանք անոնց ցաւը եւ կը յարգենք անոնց պատմութիւնը»:

«Այսօր` 107 տարի անց, ամերիկացի ժողովուրդը կը շարունակէ յարգել ցեղասպանութեան մէջ զոհուած բոլոր հայերը», կ’ամփոփէ իր ուղերձը Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment