Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սթամպուլի Մէջ Արգիլուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Միջոցառումը

Սթամպուլի Մէջ Արգիլուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Միջոցառումը

by MassisPost

Սթամպուլի մէջ չեղարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումը` տեղական իշխանութիւններու արգելքի պատճառով: Սա բացառիկ դէպք է. 2010 թուականէն ի վեր մինչեւ 2020 թուական Սթամպուլի մէջ իրականացուած են ցեղասպանութեան օրուայ առթիւ յիշատակի միջոցառումներ: Նախորդ երկու տարիներուն անոնք չէին կայացած համավարակին պատճառով:

Տեղական իշխանութիւնները արգելքը բացատրած են անով, որ պատեհ չեն համարեր նման միջոցառման կայացումը: Այս յիշատակի միջոցառման նախաձեռնողները լրատուամիջոցներուն մէջ հարցեր բարձրացուցած են, մասնաւորապէս, թէ ինչ փոխուած է այս տարի:

Որեւէ պաշտօնական արձագանգ այս պահի դրութեամբ չկայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment