Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Եթէ Հայաստանը Չճանչնայ Ատրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը, Մենք Ալ Չենք Ճանչնար Հայաստանինը». Ալիեւ

«Եթէ Հայաստանը Չճանչնայ Ատրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը, Մենք Ալ Չենք Ճանչնար Հայաստանինը». Ալիեւ

by MassisPost

«Եթէ Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագիր չստորագրէ եւ չճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, մենք ալ պաշտօնապէս կը հրաժարինք ճանչնալէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը: Իլհամ Ալիեւը Շուշիի մէջ Աշխարհասփիւռ ատրպէյճանցիներու համաժողովին ժամանակ ըսած է, որ սա Հայաստանի վերջին հնարաւորութիւնն է:

«Հայաստանի մէջ երբեմն գլուխ բարձրացնող ռեւանշիստական ուժերը պէտք է իմանան, որ սա Հայաստանի համար միակ ելքն է եւ գուցէ վերջին հնարաւորութիւնը: Հաշուի առնելով ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին արդիւնքները, հայկական կողմը պէտք է լաւ գիտակցի, թէ ինչի պիտի յանգեցնէ այդ քայլը», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ալիեւը պնդած է, որ չնայած պատերազմը վերջացած է, Հայաստանի տարածքային պահանջները դեռ չեն աւարտած. «Վստահ եմ, որ այդ պահանջներն ալ կ’աւարտին եւ յետպատերազմեան շրջանի ու հետագայի մեր ջանքերուն շնորհիւ մենք կը չէզոքացնենք Հայաստանի եւ աշխարհի հայութեան տարածքային պահանջները Ատրպէյճանէն: Բայց այսօր այդ պահանջները դեռ կան, եւ մենք պէտք է անոր պատրաստ ըլլանք»:

Խօսելով Երեւանին փոխանցուած խաղաղութեան պայմանագրին մասին, Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ Հայաստանը ընդունած է իրենց 5 կէտնոց առաջարկը, այսպիսով պաշտօնապէս յայտնելով, որ կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, Ատրպէյճանէն որեւէ տարածքային պահանջ չունի եւ հետագային ալ պիտի չունենայ:

«Մենք մտադիր ենք բանակցելու այս 5 սկզբունքներու հիման վրայ: Ներկայիս արտաքին գործերու նախարարները, երկու երկիրներու նախարարութիւնները աշխատանքային խումբեր կը ձեւաւորեն եւ կը կարծեմ, որ մօտ ապագային պէտք է յստակ բանակցութիւններ սկսիլ եւ կարիք չկայ զանոնք երկարաձգելու: Քանի որ այդ 5 կէտի հիման վրայ պիտի ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիրը: Այդ պատճառով պայմանագրին բնագիրը շուտով կրնայ նախապատրաստուիլ, ստորագրուիլ եւ այսպիսով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կրնան կապեր հաստատուիլ, այդ շարքին` դիւանագիտական», ընդգծած է Ալիեւ:

Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ վերստին ղարաբաղեան կարգաւորման միջազգային մանտաթ ունեցող ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակին մասին խօսած է, պնդելով որ այդ կառոյցը 2019-էն փաստացի կաթուածահար վիճակի մէջ է:

«Հայաստանի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեաները դեռ Մինսքի Խմբակին մասին կը խօսին: Կը կարծեմ, որ սա անիմաստ է: 1992-ին հակամարտութեան կարգաւորման համար մանտաթ ստացած այս խումբը փաստացիօրէն որեւէ արդիւնքի չհասաւ», նշած է Իլհամ Ալիեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment