Home ՍՓԻՒՌՔ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Յիշեցնող Վահանակներ Տեղադրուած Են Մոսկուայի Տարբեր Հատուածներու Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Յիշեցնող Վահանակներ Տեղադրուած Են Մոսկուայի Տարբեր Հատուածներու Մէջ

by MassisPost

Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի նախաշեմին, Ռուսաստանի Հայերու Միութեան ջանքերով Մոսկուայի տարբեր հատուածներու մէջ տեղադրուած են գովազդային վահանակներ` յիշեցնելով մարդկութեան դէմ հրէշաւոր յանցագործութեան մասին:

«1915 թուականի Ապրիլ 24-ը սգոյ օր է` կապուած մարդկութեան պատմութեան մէջ ամենասարսափելի եւ դրամատիկ իրադարձութիւններէն մէկուն` հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան հետ: Մենք գլուխ կը խոնարհենք այդ ողբերգութեան բոլոր զոհերու յիշատակին առաջ, որ մեր երկրին մէջ միշտ ընկալուած է որպէս սեփական ցաւ եւ դժբախտութիւն», ըսուած է Ռուսաստանի Հայերու Միութեան ֆէյսպուքեան գրառման մէջ:

Հրապարակման կից նաեւ լուսանկարներ  տեղադրուած են:

facebook

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment