Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խովայեւը «Օգտակար Խորհրդակցութիւններ» Ունեցած է Երեւանի Մէջ, Պիտի Այցելէ Նաեւ Պաքու․ Զախարովա

Խովայեւը «Օգտակար Խորհրդակցութիւններ» Ունեցած է Երեւանի Մէջ, Պիտի Այցելէ Նաեւ Պաքու․ Զախարովա

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւը խորհրդակցութիւններ ունեցած է Երեւանի մէջ, համաձայնեցուած է նաեւ անոր այցը Պաքու: Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Իկոր Խովայեւի հիմնական խնդիրներէն է ատրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն աջակցիլ խաղաղութեան համաձայնագրի նախապատրաստման գործին մէջ: Յատուկ ներկայացուցիչը արդէն աշխուժօրէն միացած է աշխատանքին, օգտակար խորհրդակցութիւններ ունեցած է Երեւանի մէջ: Համաձայնեցուած է անոր այցը Պաքու, որ տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային»,  ըսած է դիւանագէտը:

Զախարովան նշած է, որ երկխօսութիւնը հիմնուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համար Պաքուի առաջարկած հիմնարար սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ այդ առաջարկներուն Երեւանի կառուցողական արձագանգին վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment