Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ 3 Միլիոն Տոլար Կաշառքի Գործով Դատախազը Կ’առաջարկէ Հարցաքննել Սիլվա Համբարձումեանը Եւ Վարդան Օսկանեանը

3 Միլիոն Տոլար Կաշառքի Գործով Դատախազը Կ’առաջարկէ Հարցաքննել Սիլվա Համբարձումեանը Եւ Վարդան Օսկանեանը

by MassisPost

3 միլիոն տոլար կաշառքի մեղադրանքով Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Արմէն Գէորգեանի գործով դատական նիստին, Երեւան քաղաքի Ընդհանուր Իրաւասութեան Դատարանը` նախագահութեամբ դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի, անցաւ ապացոյցներու հետազօտման կարգի սահմանման, առանց քննարկելու պաշտպանական կողմին ներկայացուցած միջնորդութիւնները:

Մեղադրող դատախազ Պետրոս Պետրոսեանը առաջարկեց սահմանել ապացոյցներու հետազօտման հետեւեալ կարգը․ նախ` հետազօտել քրէական գործին մէջ առկայ փաստաթուղթերը, այնուհետեւ` իրեղէն ապացոյց ճանչցուած հանգամանքները, անկէ յետոյ անցնիլ վկաներու հարցաքննութեան եւ ամփոփել ապացոյցներու հետազօտումը ամբաստանեալներու հարցաքննութեամբ:

Դատախազը առաջարկեց սկիզբէն հարցաքննել Սիլվա Համբարձումեանը, Վարդան Օսկանեանը, Լեւոն Սուլթանեանը, Անահիտ Իսրայէլեանը, Գարմէն Սահակեանը, Անդրանիկ Գէորգեանը: Նաեւ Դատախազութիւնը կը պատրաստուի միջնորդելու՝ միջոցներու ձեռնարկելու հետախուզման մէջ գտնուող Սամուէլ Մայրապետեանը հարցաքննելու համար:

Արամ Օրբելեանը խնդրեց պարզաբանել, թէ ինչ դատավարական գործընթացով դատարանը կը հրաժարի ապացոյցներէն: «Քրէական գործի մէջ կայ աւելի քան 100 հատոր նիւթ, որի մեծ մասն ապացոյցներ են, կայ դատակոչի մեծ ցուցակ, իսկ դատախազն, ըստ էութեան, հրաժարւում է այդ ապացոյցներից», ըսաւ պաշտպանը:

Ըստ անոր` ցուցակին մէջ պէտք է նաեւ աւելցնել դատավարական փաստաթուղթերը ուսումնասիրելը: Օրբելեանը նաեւ առաջարկեց Սիլվա Համբարձումեանը հարցաքննել ամենավերջը, ընդ որում` նոյն օրը միաժամանակ ուսումնասիրել իր գրաւոր ցուցմունքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment