Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Ուշադրութեան Կեդրոնին Պիտի Ըլլան Անվտանգութեան Հարցերը, Այդ շարքին` Ղարաբաղի Հետ Կապուած․ Փութին

Մեր Ուշադրութեան Կեդրոնին Պիտի Ըլլան Անվտանգութեան Հարցերը, Այդ շարքին` Ղարաբաղի Հետ Կապուած․ Փութին

by MassisPost

Ապրիլ 19-ին Մոսկուայի մէջ մեկնարկեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ռուսաստանի վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով շատ խնդիրներ մնացած են: Փութինը այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին, որ երկօրեայ պաշտօնական այցով կը գտնուի Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ:

«Ի հարկէ, մեր ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլան անվտանգութեան հարցերը, այդ շարքին` Ղարաբաղի հետ կապուած: Ձեզի հետ համաձայն եմ, շատ խնդիրներ մնացած են: Մենք ձեզի հետ անընդհատ կապի մէջ ենք` եթէ ոչ ամէն շաբաթ, ապա ամէն 10 օր հաստատ հեռախօսազրոյց կ’ունենանք: Եւ պարբերաբար հանդիպումներ կ’ունենանք, չնայած որ համավարակի շրջան է: Ուրախ եմ ձեզ տեսնելու, բարի գալուստ», ըսաւ Փութին:

Ռուսաստանի նախագահը նշեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կնքուած է աւելի քան 200 համաձայնագիր, որ կը ստեղծէ լաւ հնարաւորութիւն աշխատելու գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ, որմէ ամենանշանակալին տնտեսական ոլորտն է:

«2021 թուականի մեր տուեալներով ապրանքաշրջանառութեան աճը եղած է 80 տոկոս: Այս տարուայ առաջին ամիսներուն եւս 50 տոկոսով աւելցած է: Այդ  շատ լաւ ցուցանիշ է այս ժամանակաշրջանին», եզրափակեց Փութին:

Պէտք է տեսնել, թէ ինչ կարելի է ընել, որպէսզի ռուս խաղաղապահներուն գործունէութիւնը աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս մասին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Ընդհանուր առմամբ պէտք է ընդգծել, որ ռուս խաղաղապահների գործունէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղում ապահովում է անվտանգութիւնը: Բայց պէտք է տեսնել, թէ ինչ կարելի է անել, որպէսզի խաղաղապահների գործունէութիւնն աւելի արդիւնաւէտ լինի: Եւ, ի հարկէ, մեր տարածաշրջանում կարեւոր քաղաքական հարցը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումն է: Եւ վստահ եմ, որ այս մասին եւս այսօր մենք կը խօսենք», ըսաւ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment