Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Անկեղծօրէն Կը Շարունակենք Հայաստանի Հետ Կարգաւորման Գործընթացը»․ Էրտողան

«Անկեղծօրէն Կը Շարունակենք Հայաստանի Հետ Կարգաւորման Գործընթացը»․ Էրտողան

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահը կրկին խօսած է կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հեռանկարին մասին:

Իր առաջնորդած «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ, շարք մը երկիրներու դեսպաններուն հետ ռամատանեան ընթրիքի` իֆթարի ժամանակ, Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան ըսած է, որ «Ատրպէյճանի հողերու ազատագրմամբ կարեւոր հնարաւորութիւն ստեղծուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար»:

«Այդ առիթը չկորսնցնելու համար` անկեղծօրէն կը շարունակենք մեր դրացի Հայաստանի հետ կարգաւորման գործընթացը», յայտնած է Էրտողան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment