ԱՄՆ կը շարունակէ հաւատարիմ ըլլալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին համար խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագայի յառաջխաղացման: Այդ մասին հերթական ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը:
«Մենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կ’ընենք շարունակելու աշխուժացնել իրենց դիւանագիտական փոխգործակցութիւնը եւ օգտագործելու ուղղակի փոխգործակցութեան գոյութիւն ունեցող մեխանիզմները` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած կամ անկէ բխող բոլոր չլուծուած հարցերու համապարփակ լուծումներ գտնելու եւ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագրի կնքման միջոցով յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար», նշած է դիւանագէտը:
Անդրադառնալով այդ գործընթացներուն մէջ Ուաշինկթընի դերին` Փրայս ընդգծած է. «Մենք, ինչպէս նախապէս, պատրաստ ենք օգնելու Հայաստանին ու Ատրպէյճանին այդ ջանքերուն մէջ, այդ շարքին` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահ: Ուստի երբ մենք կը խօսինք գոյութիւն ունեցող մեխանիզմներու մասին, ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակը, ի հարկէ, անոր մէկ մասն է»: