Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բանակցիլ Դեռ Չի Նշանակեր Ղարաբաղը Նուիրել Ատրպէյճանին. Միջազգային Ճգնաժամային Խումբի Փորձագէտ

Բանակցիլ Դեռ Չի Նշանակեր Ղարաբաղը Նուիրել Ատրպէյճանին. Միջազգային Ճգնաժամային Խումբի Փորձագէտ

by MassisPost

Ատրպէյճանը կը փափաքի, որ Հայաստանը ճանչնայ իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ հրաժարի Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած որեւէ պահանջէ, կ’ըսէ Միջազգային Ճգնաժամային Խումբի Հարաւային Կովկասի հարցերով աւագ հետազօտող Օլեսիա Վարդանեանը:

«Նոյնը, ինչ աշխարհի որեւէ պետութիւն. Ատրպէյճանը կը փափաքի, որ Հայաստանը ճանչնայ իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ հրաժարի Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած որեւէ պահանջէ: Սկզբունքօրէն, այն, ինչ կը մնայ 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ, Լեռնային Ղարաբաղին Հայաստանի կողմէ զգալիօրէն աւելի քիչ աջակցութիւնն է, քան նախապէս: Բայց, ըստ երեւոյթին, Պաքուն յոյս ունի, որ իրավիճակը պիտի զարգանայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր անմիջական իշխանութեան ամրապնդման ուղղութեամբ: Իսկ թէ այդ ինչ տեսք պիտի ունենայ, ես յստակ պատասխան չունիմ:

«Յիշեցնեմ, որ 25 տարիէ աւելի բանակցութիւններ կ’ընթանան կարգավիճակի հարցին շուրջ, ու թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ կեանքը այտեղ, երբեւէ մանրամասն բանակցութիւններ չեն եղած: Եւ, հետեւաբար, օրինակ, այն, ինչ հիմա կը մեկնարկէ որպէս քննարկում, առաջին անգամ է: Եւ, հաւանաբար, այս պատճառով այդ այդքան անհանգստութիւն կ’առաջացնէ, այդ շարքին` առաջին հերթին այն մարդոց մօտ, որոնց վրայ սա ուղղակիօրէն պիտի ազդէ:

«Դուք պէտք է հասկնաք, որ ընդհանուր առմամբ միջազգային իրաւունքը իրականութեան մէջ ուղղուած է որոշակի միջազգային սկզբունքներու պաշտպանութեան: Ի հարկէ, կայ ինքնորոշման սկզբունքը: Բայց ինչպէս գիտէք, ինքնորոշման սկզբունքէն բացառութիւններ շատ հազուադէպ կ’ըլլան: Սա աւելի շատ բացառութիւն է կանոնէն, քան ինչ-որ ընդհանուր ճշմարտութիւն, քան ինչ-որ բանաձեւ, որ կը կիրառուի իւրաքանչիւր հակամարտութեան պարագային:

«Եթէ հնարաւոր է, ապա մինչեւ վերջ բոլոր միջազգային կառոյցները եւ օտարերկրեայ կառավարութիւնները հաւատարիմ կը մնան տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին: Ես սա կ’ըսեմ ընդհանուր առմամբ, այլ ոչ թէ Ղարաբաղի վերաբերեալ: Բայց իրականութեան մէջ այդ պէտք է հաշուի առնել, այդ շարքին` որոշ հեռանկարներ ու հնարաւորութիւններ դիտարկելով:

«Ընդհանուր առմամբ, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, յատկապէս վերջին ութ տարիներու ընթացքին գերիշխող դարձած է, եւ այդ, ի հարկէ, կը բխի այն ամէնէն, ինչ կը կատարուի յետխորհրդային տարածքին մէջ: Նկատի ունիմ Խրիմի բռնակցումը եւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որոնք գործնականին մէջ նուազեցուցին այն մարդոց թիւը, որոնք նախապէս պատրաստ էին ինչ-որ կերպ քննարկելու անկախութեան հարցը: Եթէ նայիք պաշտօնական քննարկման, ապա պիտի տեսնէք, որ հայկական կողմէ բարձր` պաշտօնեաներու մակարդակով անկախութեան պահանջը համեմատաբար ուշ ի յայտ եկած է: Եւ սա աւելի շատ արձագանգ էր բանակցային գործընթացին մէջ որեւէ յառաջընթացի ի սպառ բացակայութեան, Ատրպէյճանի կողմէ առաջադրուած պահանջներու աճին, միջազգային հանրութեան ճնշման, որ առաջին հերթին կը գործածուէր հայկական կողմին վրայ:

Եթէ հիմա առնուազն բանակցային գործընթաց չըլլայ, ապա մագլցումի, ինչ-որ բռնութեան վտանգը կը մեծնայ եւ գուցէ ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Տեսէք, եթէ դուք հիմա կը սկսիք բանակցային գործընթաց, այդ չի նշանակեր, որ մէկ օրուան մէջ Ղարաբաղը ինչ-որ կերպ նուէր պիտի տաք: Այդ որոշակի գործընթաց է: Գոնէ այն, ինչ մենք կը լսենք վարչապետ Փաշինեանէն, իսկ ես հնարաւորութիւն չեմ ունեցած անձամբ զրուցելու անոր հետ, բայց ինչպէս կը հասկնամ անոր ըսածէն, որ ինք ցանկութիւն ու պատրաստակամութիւն ունի մանրամասնութիւններ քննարկելու, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ Ղարաբաղը, թէ ինչ պիտի ըլլայ անոր հետ, անվտանգութեան ինչ պայմաններ պիտի ունենայ այն: Իսկ սա մէկ օրուայ խօսակցութիւն չէ, յատկապէս, երբ 25 տարիէ աւելի ընդհանրապէս նման քննարկում չէ եղած», յայտնած է Օլեսիա Վարդանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment