Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ազատութեան Հրապարակին Մէջ Նստացոյց Կատարող Արթուր Վանեցեանը Կը Փորձէ Քաղաքացիներուն Հետ Երկխօսութեան Մէջ Մտնել

Ազատութեան Հրապարակին Մէջ Նստացոյց Կատարող Արթուր Վանեցեանը Կը Փորձէ Քաղաքացիներուն Հետ Երկխօսութեան Մէջ Մտնել

by MassisPost

Փաշինեանի իշխանութիւնը հեռացնելու նպատակով Կիրակի օրուընէ Ազատութեան հրապարակին մէջ նստացոյց կ’ընեն ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանն ու խմբակիցները, սակայն, չյստակացնելով, թէ այդ նպատակին հասնելու համար ինչ ծրագիր ունին:

Վանեցեանի ղեկավարած «Հայրենիք» կուսակցութեան մամուլի խօսնակ Սօս Յակոբեան ըսաւ, որ այս փուլին կը փորձեն քաղաքացիներուն հետ երկխօսութեան մէջ մտնել. «Նպատակը յստակ է, որ մարդիկ մեծ քանակներով` իրենց ընտանիքով, իրենց ընկերներով գան, հաւաքուեն այստեղ` իրավիճակին տէր կանգնելու համար: Որեւէ քաղաքական ուժ, որեւէ անհատ միայնակ չի կարողանալու լուծել մեր պետութեան առջեւ շատ լուրջ ծառացած խնդիրները: Եւ ամուր պետութիւն ունենալու նպատակին այս իշխանութիւններն ուղղակի խոչընդոտ են ճանապարհին, այդ խոչընդոտները պէտք է վերացուեն, այս իշխանութիւնները պէտք է հեռանան իշխանութեան ղեկից»:

Փաշինեանի իշխանութեան առաջին տարուան ընթացքին Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը զբաղեցուցած Վանեցեանը սկսաւ նստացոյցը, որպէսզի, ինչպէս ինք կ’ըսէ, «կանխի վարչապետի ծրագիրը»: Նստացոյցը կը յաջորդէ անցեալ շաբաթ խորհրդարանին մէջ վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ միջազգային հանրութիւնը կ’ակնկալէ, որ հայկական կողմը քիչ մը իջեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցով նշաձողը:

«Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը պատրաստւում է թողնել Արցախը, եւ սկսել են արդէն խօսել, քարոզել այն մասին, որ Արցախը կարող է լինել Ատրպէյճանի կազմում: Եւ եթէ Հայաստանի ներսում հիմա ընդվզում չլինի, եթէ մենք չփորձենք հեռացնել Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը, այդ գործընթացն անպայման իրականանալու է», աւելի վաղ ըսած էր Վանեցեանը:

Իսկ ի՞նչ օրակարգ կը բերէ ընդդիմութիւնը եւ ի՞նչ առաջարկներ ունի, կը հարցնէ իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեանը. «Ես, ճիշդն ասած, չխորանալով այն ամէնի մէջ, որ Արթուր Վանեցեանի ու միւս ընդդիմադիրների ներկայացրածը փաստացի իր մէջ պարունակում է շատ յստակ մանիփուլեացիոն տարրեր, պիտի ասեմ, որ իսկ այդ դէպքում ի՞նչ են առաջարկում իրենք», կը հարցնէ ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment