Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ուաշինկթընը Պատրաստ Է Երեւանին Եւ Պաքուին Օգնելու Համապարփակ Խաղաղութիւն Հաստատելու Գործին Մէջ

Ուաշինկթընը Պատրաստ Է Երեւանին Եւ Պաքուին Օգնելու Համապարփակ Խաղաղութիւն Հաստատելու Գործին Մէջ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գերատեսչութեան մամլոյ խօսնակ Նետ Փրայս ըսած է, որ Ուաշինկթընը պատրաստ է Երեւանին եւ Պաքուին օգնելու համապարփակ խաղաղութիւն հաստատելու գործին մէջ` այդ շարքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակին միջոցով:

«Մենք հաւատարիմ կը մնանք Հարաւային Կովկասի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագայի հասնելու գործընթացի խթանման: Մենք ողջունած ենք Ապրիլ 6-ին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, խաղաղ բանակցութիւններուն եւ սահմանազատման հարցով երկկողմ յանձնաժողովի ձեւաւորման նախապատրաստուելու դրական աշխուժութիւնը: Ինչպէս պրիւքսէլեան հանդիպման նախօրէին` Ապրիլի 5-ին երկու առաջնորդներուն հետ զրոյցներուն ընթացքին նշած է պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընը, մենք կը շարունակենք խրախուսել խաղաղութեան ուղղուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետագայ բանակցութիւնները», ըսած է Փրայսը:

Անոր խօսքով` պետական քարտուղարը հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է երկկողմ համագործակցութեան գործընկեր-համախոհներու հետ, այդ շարքին` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահող երկիր, որ օգնէ երկու պետութիւններուն՝ հասնելու երկարաժամկէտ համապարփակ խաղաղութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment