Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Թուրքիոյ Առաջարկած Է Բանալ Ցամաքային Սահմանը Դիւանագիտական Անձնագրեր Ունեցողներուն Համար․ Յունանեան

Հայաստանը Թուրքիոյ Առաջարկած Է Բանալ Ցամաքային Սահմանը Դիւանագիտական Անձնագրեր Ունեցողներուն Համար․ Յունանեան

by MassisPost

Հայաստանը Թուրքիոյ առաջարկած է բանալ ցամաքային սահմանը դիւանագիտական անձնագրեր կրող անձերու համար, սակայն թրքական կողմը կը յապաղի: Այս մասին ըսած է Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակը:

Վահան Յունանեան նաեւ հաստատած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներուն յաջորդ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Վիեննայի մէջ: «Հանդիպման ժամկէտի եւ վայրի վերջնական հաստատման պէս հանրութիւնը պատշաճ կերպով կը տեղեկացուի», ըսած է ԱԳՆ-ի խօսնակը:

Երէկ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը ուղիղ եթերով ըսած էր, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներու երրորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Վիեննայի մէջ` չյստակացնելով հանդիպման ամսաթիւը:

Մեւլութ Չաւուշօղլուն կոչ ըրած էր Հայաստանին աւելի համարձակ ըլլալու եւ երրորդ երկիրներու մէջ հանդիպումները տեղափոխելու Անգարա ու Երեւան:

«Մէկ կողմէ կ’ըսէք թող յարաբերութիւնները կարգաւորուին ու սահմանները բացուին, միւս կողմէ Թուրքիոյ եւ Երեւանի մէջ դեռ չէք համարձակիր հանդիպելու: Եթէ չէք համաձայնիր նոյնիսկ սեփական երկիրներուն մէջ հանդիպելու, միւս հարցերուն մէջ ինչպէ՞ս քայլեր պիտի ընէք», նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը` ըսելով, որ նոյնիսկ պատրաստակամ եղած են առաջինը իրենք գալու Երեւան:

Արձագանգելով` Յունանեան ընդգծած է, որ կարգաւորման նախորդ փորձերուն ժամանակ հանդիպումներ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ եղած են՝ թէ՛ բանակցողներու, թէ՛ նոյնիսկ նախագահներու մակարդակով, բայց անոնք արդիւնքի չեն յանգեցուցած:

«Նկատի ունեմ՝ կարեւորը կարգաւորման հասնելու քաղաքական կամքն է եւ յստակ` առարկայական քայլերի գնալու պատրաստակամութիւնը: Մենք ցուցաբերում ենք երկուսն էլ, եւ նոյնն ակնկալում ենք Թուրքիայից: Եթէ կամքը լինի, հանդիպումների վայրը կը դառնայ զուտ տեխնիկական հարց: Աւելին, յատուկ ներկայացուցիչների` Հայաստանում եւ Թուրքիայում հանդիպումներ ունենալու առաջարկը վկայում է, որ Թուրքիայի ընկալմամբ` գործընթացն ամբողջութեամբ երկկողմ բնոյթ ունի: Այս պարագայում տրամաբանական կը լինէր, որ Թուրքիայի ներկայացուցիչներից չլսէինք գրեթէ ամէնշաբաթեայ յայտարարութիւններ այն մասին, թէ իրենք գործընթացն առաջ են մղում Ատրպէյճանի հետ համակարգմամբ», ըսած է Յունանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment