Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սահմանուած Են Արցախի Տարածքին Ռազմական Դրութեան Պայմաններու Մէջ Տեղեկութիւններու Հրապարակման Կանոնները

Սահմանուած Են Արցախի Տարածքին Ռազմական Դրութեան Պայմաններու Մէջ Տեղեկութիւններու Հրապարակման Կանոնները

by MassisPost

Արցախի նախագահին հրամանագրով` սահմանուած են Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին ռազմական դրութեան պայմաններու մէջ տեղեկութիւններու հրապարակման կամ տարածման կանոնները:

Ըստ այդմ, ռազմական բնոյթի, պետական անվտանգութեան վերաբերող ոչ-ռազմական բնոյթի տեղեկատուութիւնները, Արցախի սահմանային իրավիճակին վերաբերող տեղեկատուութիւնն ու հրապարակումները, մարտական զրահասարքերու, զինուած ուժերու եւ այլ զօրքերու վերաբերեալ հրապարակումները կը կատարուին բացառապէս պետական մարմիններու կողմէ տրամադրուած կամ հրապարակուած պաշտօնական յղումով` ամբողջութեամբ արտացոլելով պաշտօնական տեղեկատուութիւնը` առանց խմբագրման:

Մասնաւորապէս, կ’արգիլուի Արցախի պաշտպանունակութեան ու անվտանգութեան դէմ ուղղուած քարոզչութիւնը: Հաղորդումներու հետ կապուած պաշտօնական յայտարարութիւններով հանդէս կու գան Արցախի նախագահը, Արցախի համապատասխան ոլորտի պետական լիազօրուած մարմինները, իսկ այլ անձեր` Արցախի նախագահին յանձնարարութեամբ:

Հրամանագրին մէջ կը նշուի նաեւ, որ պաշտօնատար անձեր եւ պետական կառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները, իրենց լիազօրութիւններու շրջանակներուն մէջ, կրնան հանդէս գալ հաղորդումներու վերաբերեալ յայտարարութիւններով եւ մեկնաբանութիւններով միայն Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան հետ համաձայնեցուած դիրքորոշումներուն համապատասխան:

Կանոններու պահպանման նկատմամբ հսկողութիւն կ’իրականացնէ Արցախի ոստիկանութիւնը: Սահմանուած կանոններու խախտումը կ’ենթադրէ ե՛ւ վարչական, ե՛ւ քրէական պատասխանատուութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment