Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Իկոր Խովայեւը` Ռուսաստանի Յատուկ Ներկայացուցիչ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Յարաբերութիւններու Բարելաւման Հարցով

Իկոր Խովայեւը` Ռուսաստանի Յատուկ Ներկայացուցիչ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Յարաբերութիւններու Բարելաւման Հարցով

by MassisPost

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի ռուսաստանցի համանախագահ Իկոր Խովայեւը նշանակուած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու բարելաւման հարցով: Այդ մասին հաղորդած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան:

«Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Իկոր Խովայեւը պիտի շարունակէ աշխատանքը նոր պաշտօնին վրայ` որպէս Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ: Ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլայ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստումը: Կ’ակնկալենք Պաքուի եւ Երեւանի մէջ մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն կողմէ աջակցութիւն Խովայեւի ջանքերուն: Բաց ենք կառուցողական համագործակցութեան միւս հետաքրքրուած դերակատարներուն հետ», ըսած է Զախարովան:

Ան նշած է, որ Խովայեւի նոր կարգավիճակը կապուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի ծիրին մէջ Մոսկուայի հետ շփումներէն հրաժարելու Ուաշինկթընի եւ Փարիզի դիրքորոշման հետ: Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ներկայացուցիչին խօսքով` Ուաշինկթընն ու Փարիզը Փետրուար 24-էն ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակին մէջ դադրեցուցած են բոլոր շփումները Մոսկուայի հետ: «Մինչդեռ Հարաւային Կովկասի մէջ իրական իրավիճակը թոյլ չի տար բանակցային դադարներ: Տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն վերականգնելու համար անհրաժեշտ են հետագայ հետեւողական քայլեր, քանի որ ԱՄՆ-ն ու Ֆրանսան դադրեցուցած են համագործակցութիւնը Մինսքի Խմբակին մէջ», ըսած է Զախարովան:

Ան յայտնած է, որ Ռուսաստանը լի է վճռականութեամբ` աջակցելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման: Զախարովան յայտնած է, որ այդ թեման քննարկուած է Ապրիլ 9-ին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռախօսազրոյցներուն մէջ, իսկ անկէ մէկ օր առաջ` Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի ու Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ Լաւրովի հեռախօսազրոյցին ընթացքին:

Զախարովան ըսած է, որ «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու» հաստատման համար Պաքուի առաջարկած սկզբունքները եւ անոնց Երեւանի արձագանգը հիմք հանդիսացած են հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագրի բանակցութիւններու մեկնարկին համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment