Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսան Կը Վերահաստատէ Իր Լիակատար Յանձնառութիւնը Որպէս Մինսքի Խմբակի Համանախագահ

Ֆրանսան Կը Վերահաստատէ Իր Լիակատար Յանձնառութիւնը Որպէս Մինսքի Խմբակի Համանախագահ

by MassisPost

Ֆրանսան կը վերահաստատէ իր լիակատար յանձնառութիւնը` ինչպէս երկկողմ հիման վրայ, այնպէս ալ որպէս Եւրոմիութեան Խորհուրդի նախագահ եւ Մինսքի Խմբակի համանախագահ, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման: Այս մասին յայտարարած է երկրի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը ի պատասխան Մինսքի Խմբակի ապագային վերաբերեալ Ֆրանսայի դիրքորոշման մասին հարցին:

Որպէս այդպիսին` Ֆրանսան «կը շարունակէ աշխատիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ` մարդասիրական հարցերուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար, եւ կը շարունակէ աջակցիլ սահմանազատման, տարածաշրջանի մեկուսացման վերջ դնելուն, ժառանգութեան պահպանման, երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման ուղղուած աշխատանքներուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: «Այդ նպատակով սոյն թուականի Փետրուար 4-ին հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութեամբ տեսակապի միջոցով հանդիպում կազմակերպուած է Հայաստանի վարչապետին, Ատրպէյճանի նախագահին եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին հետ», կը յիշեցնէ Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը` նշելով, որ տուեալ պահին աշխատանքային այցով Երեւան կը գտնուի ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը:

Անցեալ շաբաթ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը հայաստանցի պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած էր, որ Ֆրանսան ու Միացեալ Նահանգները հրաժարած են համագործակցելէ Ռուսաստանի հետ ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակին մէջ: Լաւրովի խօսքով` Արեւմուտքը վեր դասած է Ռուսաստանի հետ տարաձայնութիւնները ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորումէն:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը, մինչդեռ, մոսկովեան ասուլիսին պնդած էր, որ, չնայած դժուարին աշխարհաքաղաքական իրադրութեան, եռանախագահութեան ձեւաչափը վերջնականապէս իր ուժը չէ կորսնցուցած: Միրզոյեանը նաեւ կրկնած էր Երեւանի դիրքորոշումը, թէ համանախագահութիւնը պէտք է աջակցի հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման աշխատանքներուն:

Շաբաթներ առաջ Երեւանը այս հարցով դիմած էր միջնորդներուն, երեք երկիրներէն որեւէ մէկը, սակայն, տակաւին այդ հարցին պաշտօնապէս չէ արձագանգած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment