Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Ի Վերջոյ Օրէնքի Գերակայութիւնը Միայն Վերնագիր Պիտի Չըլլայ. Փաշինեան

Հայաստանի Մէջ Ի Վերջոյ Օրէնքի Գերակայութիւնը Միայն Վերնագիր Պիտի Չըլլայ. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ի վերջոյ օրէնքի գերակայութիւնը միայն վերնագիր պիտի չըլլայ, Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացնելով նորանշանակ նախարար Արմէն Փամբուխչեանը, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Օրէնքի առաջ բոլորի հաւասարութիւնը միայն վերնագիր պիտի չլինի, եւ ի վերջոյ այդպէս է եւ այդպէս էր նաեւ այս իրադարձութիւններից առաջ: Յոյս ունեմ, որ բոլորս այս ուղերձը շատ յստակ եւ ուղիղ ենք ընկալում», ըսած է վարչապետը:

Արմէն Փամբուխչեանը նախագահին հրամանագրով նշանակուած է արտակարգ իրավիճակներու նախարար: Նախկին նախարար Անդրանիկ Փիլոյեանը, որ կը մեղադրուի փտած գործարքներու մասնակցելու մէջ եւ Մարտ 31-էն կալանաւորուած է, պաշտօնէն ազատուած է Ապրիլ 1-ին:

Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ չափազանց կը ցաւի իրադարձութիւններու նման զարգացման համար, յիշեցուցած է անմեղութեան կանխավարկածի մասին, յորդորած է այս կանխավարկածով ալ առաջնորդուիլ:

Անդրանիկ Փիլոյեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարն էր 2020-ի Նոյեմբերէն, երբ 2018-էն այս պաշտօնը զբաղեցնող Ֆելիքս Ցոլակեանը հրաժարական ներկայացուց: Պատերազմի թէժ օրերուն Փաշինեանը յայտնած էր, որ Փիլոյեանը կ’արժանանայ «Ազգային Հերոս»ի կոչման: Երկու օր անց ան նախագահին հրամանագրով պարգեւատրուած էր «Ազգային Հերոս»ի կոչումով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment