Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Ժողովը Լքելով Անհամաձայնութիւն Յայտնած Է Իսրայէլի Ոստիկանութեան Սահմանափակման

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Ժողովը Լքելով Անհամաձայնութիւն Յայտնած Է Իսրայէլի Ոստիկանութեան Սահմանափակման

by MassisPost

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը յայտարարութիւն տարածած է «լոյսի» արարողութեան վերաբերեալ` նշելով, որ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները հանդիպած են արարողութեան պատասխանատու` Իսրայէլի ոստիկաններուն հետ, որոնք տեղեկացուցած են, թէ ընդամէնը 1000 ուխտաւորներու պիտի արտօնուի մասնակցիլ արարողութեան, որոնցմէ միայն 200-ը պէտք է ըլլան հայ: Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնած են այս նոր որոշման հետ եւ լքած են ժողովը: Այս մասին ֆէսյպուքեան իր էջով տեղեկացուցած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Սուրբ Յարութեան տօնէն առաջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ստիպուած է սոյն յայտարարութիւնը հրապարակել` իր հաւատացեալներուն տեղեկացնելու այն սահմանափակումներուն մասին, որոնք Իսրայէլի ոստիկանութիւնը կը փորձէ պարտադրել այս տարի:

Ապրիլ 11-ին, Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան «լոյսի» արարողութեան պատասխանատու ոստիկաններուն հետ, որուն ընթացքին վերջիններս տեղեկացուցին, թէ այս տարի պէտք է ընդամէնը 1000 ուխտաւորներու արտօնուի մասնակցիլ արարողութեան, որոնցմէ միայն 200-ը պէտք է ըլլան հայ: Մեր ներկայացուցիչները իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեցին եղած նոր որոշման եւ լքեցին ժողովը:

Հայ Առաքելական Եկեղեցին բացառիկ իրաւունքներ ունի «լոյսի» արարողութեան ընթացքին, որոնք արձանագրուած են Սթաթուս Քօ-ի համաձայնագրին մէջ:

«Լոյսի» արարողութիւնը սկսելու համար Հայ Եկեղեցւոյ իրաւունքն է բանալ Սուրբ Յարութեան տաճարին դուռը, որուն կը մասնակցին հարիւրաւոր հայ եւ օտար ուխտաւորներ` ականատես ըլլալու այդ բացառիկ արարողութեան: Ապա Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքը, կրկին հարիւրաւոր ուխտաւորներու ուղեկցութեամբ, հանդիսաւոր մուտք կը գործէ տաճար, որմէ ետք իր ներկայացուցիչը` Երուսաղէմի Յոյն Պատրիարքին հետ կը մտնէ Սուրբ Գերեզման, դուրս բերելու Քրիստոսի Յարութիւնը խորհրդանշող «լոյս-կրակը»:

Վերոնշեալ իրաւունքները դարեր շարունակ տարբեր իշխանութիւններու եւ տիրակալներու շրջանին իրագործուած են առանց որեւէ սահմանափակման: Ուստի, սոյն յայտարարութեամբ մենք մեր անհամաձայնութիւնը կը յայտնենք Իսրայէլի ոստիկանութեան սահմանափակումներու որոշման դէմ եւ կը պահանջենք, որ այս տարի եւս, նախորդ տարիներու նման, «լոյսի» արարողութիւնը կատարուի առանց հաւատացեալներու թիւի սահամանափակումներու:

Իսրայէլի կառավարութիւնը միջազգային պարտաւորութիւն ստանձնած է ապահովելու կրօնական արարողութիւններու ազատութիւնը եւ կազմակերպելու անոնց անխափան կայացումը: Մեր պահանջն է, որ ոստիկանութիւնը յարգէ այս յաձնառութիւնը եւ չեղեալ նկատէ սահմանափակումներու վերաբերեալ իր առած որոշումը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment