Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պատերազմին Զոհուած Զինուորներուն Եղբայրները Եւ Որդիները Պիտի Ազատուին Պարտադիր Զինուորական Ծառայութենէն

Պատերազմին Զոհուած Զինուորներուն Եղբայրները Եւ Որդիները Պիտի Ազատուին Պարտադիր Զինուորական Ծառայութենէն

by MassisPost

Խորհրդարանը երկրորդ ընթերցմամբ ընդունեց «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանի հեղինակած նախագիծը, որուն համաձայն՝ պարտադիր զինուորական ծառայութենէն պիտի ազատուին մարտական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած զինուորներուն եղբայրները եւ որդիները: Նախագիծը ներկայացուց հեղինակը, որուն խօսքով՝ առաջինէն երկրորդ ընթերցում որոշ փոփոխութիւններ կատարուած են, համաձայն որոնց՝ զոհուած զինուորներուն եղբայրները կամ որդիները ցանկութեան պարագային կրնան դիմում գրել ու մեկնիլ ծառայութեան:

Սարգսեանի խօսքով` «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնը առաջարկած է ոչ թէ նշուած անձերու զինուորական ծառայութենէն ազատելու հնարաւորութիւն տալ, այլ նախարարին հրամանով զօրակոչել Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբ:

«Ես այդ առաջարկին դէմ եմ եղել, այս փոփոխութիւնների նպատակը ընկերային է, մենք զոհուած զինուորների եղբայրներին ազատում ենք զինուորական ծառայութիւնից, որ ընտանիքի հոգսերը մեղմենք, աշխատեն ու լուծեն ընկերային խնդիրները, ու ընտանիքում յառաջացած հոգեբանական խնդիրները լուծեն», ըսաւ ան:

Սարգսեանը նշեց, որ մէկ այլ առաջարկ ալ «Հայաստան» խմբակցութիւնը ներկայացուցած է` առաջարկելով նշուած անձերը զօրակոչել վեց ամիս ժամկէտով: Այս առաջարկը եւս յանձնաժողովի հաւանութեան չէ արժանացած:

Նախագիծին կողմ քուէարկած է 68 պատգամաւոր: «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները որոշում կայացուցած են չմասնակցիլ Ազգային Ժողովի քառօրեայ նիստերուն եւ պիտի մեկնին ՀՀ սահմանամերձ գիւղեր ու Արցախ:

Աւելի առաջ, Սարգսեանը նշած էր, որ փոփոխութենէն յետոյ շահառուներուն շրջանակը շատ պիտի չըլլայ. 2022-ի ամառնային զօրակոչին կը նախատեսուի, որ օրէնքի շահառու պիտի ըլլայ 10, ձմեռնային զօրակոչին` 17 քաղաքացի, 2023-ի ամառնային զօրակոչին` 11, ձմեռնայինին` 14 քաղաքացի, այսինքն` յառաջիկայ չորս զօրակոչերու ընթացքին 52 հնարաւոր շահառու կրնայ ըլլալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment