Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանը Ռուսաստանի Նախագահին Տեղեկացուցած Է Ատրպէյճանի Նախագահին Հետ Ունեցած Հանդիպման Արդիւնքներուն Մասին

Նիկոլ Փաշինեանը Ռուսաստանի Նախագահին Տեղեկացուցած Է Ատրպէյճանի Նախագահին Հետ Ունեցած Հանդիպման Արդիւնքներուն Մասին

by MassisPost

Տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Նիկոլ Փաշինեան Ռուսաստանի նախագահին տեղեկացուցած է Ապրիլ 6-ին Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն մասին:

Զրուցակիցները կարեւորած են Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման եւ սահմանազատման աշխատանքներու մեկնարկին մասին պայմանաւորուածութիւնները:

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է լիարժէք աջակցելու նշուած գործընթացներուն: Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու ներխուժման:

Վարչապետ Փաշինեանը արտայայտած է հայկական կողմին ակնկալիքը, որ ռուս խաղաղապահները յստակ միջոցներու ձեռնարկեն ներխուժած ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու դուրսբերումը ապահովելու համար:

Հայաստանի վարչապետը եւ Ռուսաստանի նախագահը անդրադարձած են նաեւ երկու երկիրներու տնտեսական փոխգործակցութեան հարցերուն ու պայմանաւորուած են, որ նաեւ այս հարցերը մանրամասն պիտի քննարկեն Ապրիլ 19-ին Նիկոլ Փաշինեանի` Ռուսաստանի Դաշնութիւն կատարելիք պաշտօնական այցի ընթացքին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment