Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարները Հեռախօսազրոյց Ունեցած Են

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարները Հեռախօսազրոյց Ունեցած Են

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները հեռախօսազրոյց ունեցած են, կը հաղորդէ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը միտքեր փոխանակած են սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի ձեւաւորման, խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման եւ մարդասիրական խնդիրներու վերաբերեալ:

Նախորդ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ աւելի քան չորս ժամ տեւած բանակցութիւններուն հետեւանքով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարները պայմանաւորուած էին մինչեւ Ապրիլի վերջ երկու երկիրներու միջեւ սահմաններու սահմանագծման հարցերով երկկողմ յանձնաժողով ստեղծել, որ օժտուած պիտի ըլլայ նաեւ սահմանի երկայնքով անվտանգութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու հարցերով: Փաշինեանն ու Ալիեւը նաեւ արտաքին գործերու նախարարներուն յանձնարարած են սկսիլ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment