Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խորհրդակցութիւն` Պաշտպանութեան Նախարարին Գլխաւորութեամբ

Խորհրդակցութիւն` Պաշտպանութեան Նախարարին Գլխաւորութեամբ

by MassisPost

Ապրիլ 11-ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ներկայ եղած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան, Զինուած Ուժերու եւ Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի ղեկավար կազմը, տեսակապի միջոցով մասնակցած են նաեւ բանակային զօրամիաւորումներու հրամանատարները:

Ըստ ուղղութիւններուն, զեկոյցներ ներկայացուած են ձմրան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ նախանշուած են յառաջիկայ ծրագրերը:

Խորհրդակցութեան արդիւնքներով, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը պատասխանատու ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն յանձնարարականներ տուած է` արձանագրուած խնդիրները սեղմ ժամկէտներու մէջ վերացնելու վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment